ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն մը։ Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, հիւանդանոցի մէջ ժողով մը կը գումարեն ատենապետները մեր այն համայնքային հաստատութիւններուն, որոնց հովանաւորութեան տակ կը գործէ վարժարան մը։ Դպրոցներու մատակարարութեան հարցը այս շրջանին լուրջ մարտահրաւէր մը դարձած է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Այս մթնոլորտին մէջ համայնքային վարիչները կը ջանան այլընտրանքներ յղանալ։ Ըստ երեւոյթին, հիւանդանոցի խորհրդակցութիւնը նոյն նպատակին հետամուտ է։

Վարժարան հովանաւորող համայնքային մարմիններու եւ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետի ձեւաչափը գրեթէ նոյնն է Պատրիարքարանէ ներս վերջին շրջանին ստեղծուած Կեդրոնական սեղանին հետ։ Պատրիարքարանի աշխատանքը կը տարուի Թրքահայ վաքըֆներու միութեան անուանումին կամ հովանոցին ներքեւ։ Այժմ նախատեսուած այս ժողովն ալ ունի նոյն ձեւաչափը, սակայն պաշտօնական հաղորդումներու կամ տուեալներու բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ վերջնականօրէն յստակ չէ անոր ծիրը։

Յամենայնդէպս դպրոցներու վերաբերեալ իւրաքանչիւր քայլ այս շրջանին չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Պատրիարքարանի վերջին պաշտօնական հաղորդումները արդէն բաւարար ազդանշաններ տուած են, թէ մեր կրթական համակարգը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ եւ մեր կարգ մը վարժարաններու գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020