ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ STEM մրցոյթը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Ինն դպրոցական խումբ մասնակցութիւն բերաւ ձեռնարկին։ Մասնակիցները ցուցաբերեցին իրենց հմտութիւնները՝ առաջադրուած հարցերու լուծման ճանապարհին մտային ճկունութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ։

Մրցոյթի դափնեկիրները եղան Գալֆաեան տան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարաններու խումբերը։

Մրցոյթի դատակազմի անդամներն էին՝ Սերա Ասիկիկան, Ըշըլ Քոչ Սարը եւ Առէն Սէմէրճեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024