ՀՈ­ԳԵ­ԼՈՅՍ ԱՐ­ՏԱ­ՇԷՍ ՈՒ­ՐԱ­ՐԱ­ԿԻՐ ԴՊԻՐ ՏԻՒ­ՄԷ­ՃԵԱ­ՆԻ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻՆ

Ոչ եւս է Ուրարակիր Արտաշէս Դպիր Տիւմէճեան։

Երբեմն կը դժուարանանք բառեր որոնել երբ հանրածանօթ դէմք մը առյաւէտ մեզմէ կը բաժնուի։ Արտաշէս Ուրարակիր Դպիր Տիւմէճեան այն ազնիւ անձերէն է, որուն ծառայութիւնները յաճախ անծանօթ մնացած են մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն։ Աստուծոյ տան՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ նախանձախընդրութեամբ լեցուն անձ մըն էր ան։ Երբ կը պատրաստուինք մարմինը հողին յանձնելու՝ իր բարոյական ներկայութեան ներողամտութեանը ապաւինելով կը փափաքիմ մի քանի խօսք մրոտել, ինչու չէ պանծացնելու իր յիշատակը։

Անձ մը խորհեցէք, որուն կեանքը գրեթէ նոյնացած է իր եկեղեցւոյ հետ, որուն աւազանէն ծնած էր արժանանալով Երկնաւոր Հօր որդեգրութեան։ Մկրտութեան աւազանին առջեւ արտասանուած «հաւատք, յոյս եւ սէր», ինչպէս նաեւ «մկրտիլ եւ արդարանալ, մաքրիլ ի մեղաց, ազատիլ ի դիւաց եւ ծառայել Աստուծոյ» բառերը իրենց իմաստը գտած էին հանգուցեալի կեանքէն ներս։ Աստուծոյ ծառայել բառերը յիրաւի արժեւորուած էին իր բոլոր գործունէութեանց մէջ։

Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մկրտարանէն սկսաւ Աստուծոյ Փառքին ընծայուած տաճարներու բարեզարդման ուղղութեամբ տարած աշխատանքները։ Պոլսոյ բազմաթիւ եկեղեցիներ երբ սկսան մի առ մի բարեզարդուիլ, այդ աշխատնքներուն մէջ յանկարծ յայնտուեցաւ անանուն բարերար մը, որ ոչ միայն նիւթական հոգը կը վերցնէր, այլ նաեւ այդ գործը կատարելիք իրաւ վարպետները կը գտնէր։ Անոնց կը բացատրէր կատարելիք գործը եւ կը հետաքրքրուէր ամենայն մանրամասնութեամբ։ Նիւթականը կը կարգադրէր եւ իր որդեգրած սկզբունքին համաձայն անոնց աշխատավարձերը իրենց կը յանձնէր, երբ գործը իր աւարտին կը հասնէր։ Նաեւ քրիստոնէական խոնարհութեան ալ օրինակը տալով սեղանակից կը դառ-նար իր կողմէ սարքուած համեստ սեղանին։ Իր այս շարժուձեւը կը գնահատէին բոլոր աշխատող գործաւորները։

Այս բարեգործութեան առընթեր ան հաւատարիմ սպասարկողն էր Տիրոջ Սեղանին։ Անձայն անշշուկ, եկեղեցիներու անուան տօնախմբութեան նախօրեակներուն Ս. Սեղանը կը պատրաստէր ծաղիկներով ու պատշաճ զարդարանքներով։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ իր սիրայօժար ծառայութեամբը վառ կը պահէր եկեղեցւոյ կանթեղը, օժանդակ հանդիսանալով եկեղեցւոյ պարտաճանաչ երէցին։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւի Սաղմոսավանքի դռները ցարդ կը շարունակեն աղաղակել ու վկայել իր բարեգործութիւնը յիշեալ վանքի համալիրէն ներս։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին անցեալին վայելած է Կիւլպէնկեան բարեհամբաւ գերդաստանի բարեգործութիւնը։ Անոնց մէջ յատկանշական նուէր մը ըլլալով կը մնայ Ս. Սեղանի մոմերը, որոնք յատուկ պատրաստուած կ՚ուղարկուէին առ ի լուսաւորում Ս. Սեղանին։ Իմ քահանայագործութեանս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին հանգուցեալի անձին մէջ յայտնուած տեսայ Կիւլպէնկեան ընտանիքի այդ հաւատարմութեան օրինակը։ Առանց սպասելու որ իրեն զգացնէինք, արդէն իսկ ինքնաբերաբար անձայն անշշուկ մոմերը կը բերէր ու կը յանձնէր բանկալին, կարծես թէ չափը եւ կշիռը իր ձեռքին մէջ եղած ըլլար։

Պիտի կարօտնանք Ս. Թագաւոր մատրան Ս. Սեղանի առջեւ ամենայն ջերմեռանդութեամբ աղօթելը, ծնկաչոք։ Պիտի կարօտնանք իր նախանձախնդիր ոգին։ Պիտի կարօտնանք իր ծառայասիրութիւնը եւ միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը։ Պիտի կարօտնանք իր բծախնդրութիւնը։

Սիրելի Արտաշ Եղբայր,

Յուսամ պիտի ներես նուաստս այս կատարած սահմանազանցութեանս համար, զոր դուն բնաւ չսիրեցիր։ Դուն մնացիր անանուն բարերար։ Կարեւոր ներդրումներովդ կատարուած բարեզարդման աշխատնաքներու պարագային իսկ չարտօնեցիր, որ անունդ արձանանայ։ Դուն ամէն ժամանակ նախընտրեցիր կատարած աստուածահաճոյ գործերդ արձանագրուին Աստուծոյ երկնային մատեաններուն մէջ։ Դուն լաւագոյնս արժեւորեցիր Աստուծոյ քեզի պարգեւած շնորհքը եւ եղար լաւ ընտանիքի հայր, եղար պատուաւոր գործատէր եւ երբ Աստուած օրհնեց քու անձնական ու ընտանեկան կեանքդ, դուն գիտցար այդ օրհնութենէն բաժին հանել Շնորհներ Պարգեւողին։ Դուն վառ պահեցիր Նիկոմիդիոյ գաւառէն փչած հաւատքի շունչը, գնահատանքդ միշտ սպասեցիր Աստուծմէ եւ այդ ուղղութեամբ գործեցիր։

Մեզի կը մնայ այժմ աղօթել քու բարի հոգւոյդ խաղաղութեանը համար։ Աստուած ընդունի Իր Փառքին համար կատարած բարեգործութիւններդ եւ արժանացնէ քեզ երկնային եւ լուսեղէն անթառամ պսակներուն։

Մենք պիտի շարունակենք աղօթել ժամագրքի բառերով. «Ողորմեա զեկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց. եւ այնոցիկ՝ որք ընդ հովանեաւ Սրբոյ Եկեղեցւոյ են հանգուցեալ». Ամէն։

Խունկ եւ աղօթք քու յիշատակիդ։

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018