ԹԱՆԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, 2011 թուականէն ի վեր յառաջ կը տարուի բանաւոր պատմութեան ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Անձայնութեան ձայնը» եւ որու ծիրէն ներս կը հրատարակուին զանազան գիրքեր։ Որպէս այս ծրագրի 7-րդ պտուղը՝ վերջերս լոյս տեսած է «Գնալըկղզեցի հայերը կը խօսին» գիրքը, որու շնորհանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ։ Իսկապէս յատկանշական գիրք մըն է այս մէկը, որ թանկ վկայութիւններ կը համատեղէ թրքահայ կեանքի, ժողովրդական ապրումներու շուրջ։ Այդ յուշերու ընդմէջէն կը բիւրեղանան ինչ-ինչ հասարակական ապրումներ, որոնք ամբողջական պատկեր մը կը ցոլացնեն Գնալը կղզիի անցեալի ընկերաբանական պատկերի եւ մերօրեայ հիւսուածքի համեմատութեան մասին։

Կղզեբնակ քսան հայու հետ կատարուած հարցազրոյցներու հիման վրայ ձեւաւորուած է այս գիրքին բովանդակութիւնը։ Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած ծանօթացման հաւաքոյթին ժամանակ այդ հարցազրոյց կատարուած անձնաւորութիւններէն Հայկ Քիւչիւքեանի հետ տեղի ունեցաւ կենդանի հարցազրոյց մը եւ իր վառ յուշերը իսկապէս ստեղծեցին մեծ հետաքրքրութիւն։

Ծանօթացման հաւաքոյթի ծրագիրը վարեցին Նարօտ Աւճը եւ Ռուտի Սայաթ Փուլաշ։ Տեսանիւթերու ցուցադրութիւնը իրականացուց Ատովմ Շաշքալ։ Ներկայ էին նաեւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի անդամները։

Ձեռնարկի բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Նարօտ Աւճը, որ բացատրութիւններ տուաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրատարակչական աշխատանքներուն ու մանաւանդ՝ «Քարտէս» նախագծին շուրջ, որ այժմու գրքի հրատարակութեան հիմք հանդիսացած է։ Գիրքի բովանդակութեան հիմնական առանցքներուն շուրջ մանրամասնութիւններ տալէ վերջ, Նարօտ Աւճը ձեռնարկի մասնակիցներուն ծանօթացուց Հայկ Քիւչիւքեանը, որ քսաներեք տարի բնակած է Գնալը կղզիի մէջ եւ իր գերդաստանը չորս սերունդ եղած է կղզեցի։ Ապա Հայկ Քիւչիւքեան ներկաներուն բազմակողմանի եւ վառ յուշեր փոխանցեց, նաեւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Այդ ամբողջին մէջ ունկնդիրներուն համար հետաքրքրական էին Ֆէնէրպահչէի եւ Կալաթասարայի ֆութպոլի խումբերու անցեալին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած մրցումը, ինչպէս նաեւ կղզիի մարզադաշտին վրայ անմոռանալի կռփամարտիկ հանգուցեալ Կարպիս Զաքարեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մրցումները։ Հայկ Քիւչիւքեանի առընթեր, ձեռնարկի միւս մասնակիցներն ալ բաժնեցին իրենց յիշատակները։

Հուսկ, Հայկ Քիւչիւքեանին յանձնուեցաւ յիշատակի մետայլ մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021