Կիրակի 26, Յունուար 2025
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՍՏՂԻԿ ԱԹԷՇ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Տիարպաքըրի մէջ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի գաւառի տիրական ներկայացուցիչներէն Աստղիկ Աթէշ-Պաքըր։ Հանգուցեալը, որ 1930-ին ծնած էր, հարազատ քոյրն է Պատրիարքական Աթոռի երէց միաբան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, նաեւ մեծ մայրը՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի։ Աստղիկ Աթէշի կեանքի չարքաշ պայքարէն անմասն չէր մնացած այն յամառութիւնը, զոր ան ցուցաբերած էր իր հարազատ եկեղեցիին եւ արմատներուն հաւատարիմ մնալու համար։ Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինքը ու գիտեն իր բոլորած ուղին, այսօր բիւր յարգանքով կը վերյիշեն զինքը։
92 տարեկան հասակին մահացած Աստղիկ Աթէշի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։
Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2022