ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ Ներսէսեան Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 159-րդ ու վերակազմութեան 34-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Խաչվերացի Բարեկենդանին զուգադիպած արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։
Կղզիի գողտրիկ եկեղեցին երէկ լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Պատարագիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Սրկ. Ներկիզ, Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները Ներսէսեան Դպրաց Դասուն կողմէ կատարուեցան ներդաշնակօրէն ղեկավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը տուաւ օրուան քարոզը։ Արարողութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Դպրաց Դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները, երաժիշտները եւ բոլոր անդամները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Ներսէսեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնն ալ գլխաւորեց Հայր Սուրբը։ Ներկայ էին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները, քոյր դպրաց դասերու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Դպրաց Դասու տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները։
Յայտագիրը բացուեցաւ խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանի եւ իր սաներուն՝ Նորա Իփէքճիի, Մարալ Էօզպայսալի, Լինա Սարայտարի, Մարգրիտ Թոփարլաքի եւ Առլին Տումանի երաժշտական կատարումներով։ Տնօրէն խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը ներկայացուց Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու։ Ատենապետ Լեւոն Շատեանն ալ արտասանեց սրտի խօսքը։ Բոլոր ներկաները զգացական պահեր ապրեցան՝ հետեւելով Ներսէսեան Դպրաց Դասու բազմավաստակ ու խոր-հըրդանշական անուններէն Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշի Գանատայէն հեռարձակուած տեսողական պատգամով՝ ընտանեկան անդամներուն հետ։ Յայտագրի տեւողութեան մեներգեցին Մարալ Չաղլըչուպուքճու եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, Սիրուն Սիրունեանի նուագակցութեամբ։ Նազիկ Ճավաքի գլխաւորած տիկիններուն կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած հիւրերը խմբերգներ ալ կատարեցին՝ հետեւելով սեղաններուն վրայ թողուած երգարաններուն։
Հանդիսութեան տեւողութեան գնահատագրեր եւ յուշանուէրներ ստացան՝ Սիրուն Սիրունեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Քամի Չիզմէճեան, Նարօտ Շիմշէք, ինչպէս նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի պատանի ձեռնասունները՝ Ճորճ Մարուքճու, Արտէն Չընար եւ Լեւոն Շահինօղուլլարընտան։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։
Ներսէսեան Դպրաց Դասու երէկուան կրկնակ տարեդարձները նշուեցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Սա Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի դպրաց դասու նախագահ դառնալէն վերջ նշուած առաջին տարեդարձն է։ Երէկուան արարողութիւններուն ընթացքին դպրաց դասու պատասխանատուները որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեցին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի նկատմամբ, քանի որ վերջին տարիներուն ան եղած էր կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ այս դպրաց դասու նախագահը եւ իր փորձառութեամբ լաւագոյնս առաջնորդած՝ տարուած աշխատանքը։ Ներսէսեան Դպրաց Դասու տեսակէտէ ողջունելի է նաեւ ներկայ շրջանը երբ նախագահ դարձած է Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան՝ թարմ եռանդով եւ յամառ աշխատանքի պատրաստակամութեամբ։ Ամրան ամիսներուն գործադրը-ւած ջանքերով դպրաց դասու շարքերը համալուած են նոր ուժերով։ Երէկուան տարեդարձը միեւնոյն ժամանակ հաշուեկշիռի առիթ մըն էր՝ 2016 թուականի ամրան տեւողութեան կատարուած բեղուն աշխատանքին հաշուեյարդարը ընելու տեսանկիւնէն։ Երէկ ստեղծուած մթնոլորտը ինքնին վկայութիւն մը հանդիսացաւ թէ այդ արդիւնքը դրական է թէ՛ դպրաց դասուն եւ թէ կղզեբնակ հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Հետեւաբար, բոլորը մեծ յոյսեր դրած են երիտասարդ նախագահի ապագայ գործունէութեան վրայ ու չեն կասկածիր, թէ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի գլխաւորութեամբ Ներսէսեան Դպրաց Դասուն առջեւ կը բացուի նո՛ր շրջան մը, որ պիտի բնորոշուի նո՛ր ձեռքբերումներով ու մանաւանդ նո՛ր դպիրներու պատրաստութեամբ. բան մը, որու նախըն-թացները արդէն գոյութիւն ունին։