ՁԵՌՔ-ՁԵՌՔԻ, ՈՒՍ-ՈՒՍԻ…
Երէկ, Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ 2015-2016 շրջանին եւս, ըստ ընկալեալ սովորութեան, սիրոյ սեղաններու մեկնարկը դրուեցաւ պատմական Սամաթիայէն։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու հովանաւորութեան ներքեւ համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին տարի մը եւս ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի տալու համար մեր վարժարաններուն ի նպաստ։ Իսթանպուլահայ կրթական համակարգը աստիճանաբար կը դիմագրաւէ աւելի դժուար խնդիրներ։ Թէկուզ տեսականօրէն կը բարձրանան մեր հաստատութիւններուն եկամուտները, սակայն անհամեմատօրէն կ՚աւելնան նաեւ մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերը, մինչ աշակերտութեան ընդհանուր թիւին անկումն ալ կ՚ընթանայ զուգահեռ։ Այս կացութիւնը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է համայնքէն ներս զօրակոչի մը ձեռնարկել, իսկ այս մէկուն հիմնական նախադրեալը կը համարուի ամուր կամքը։ Սամաթիոյ երէկուան սիրոյ սեղանը այս ուղղութեամբ ներշնչեց լաւատեսութիւն։ Անկախ հանգանակութեան արդիւնքէն՝ նոր շրջանի առաջին քայլափոխին զգալի դարձաւ, որ համայնքէն ներս կայ զանգուած մը, որ պատրաստ է մեր վարժարաններու ապագային համար պատասխանատուութիւններ ստանձնելու, զոհողութիւններ յանձն առնելու։ Հետեւաբար, բոլորին մաղթանքն է, որ այդ լաւատեսութիւնը շարունակուի շօշափելի դրսեւորումներով եւ մեր վարժարաններուն երթը, առաքելութիւնը շարունակուի կայուն հունի մը մէջ։
Սամաթիոյ Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ աւանդական մատաղօրհնութիւնը կայացաւ երէկ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեանի, որ քարոզեց ալ։ Ս․ Պատարագը մատոյց Տ․ Եղիշէ Վրդ․ Ուչքունեան։ Ս․ Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սարըլը, Գէորգ Ներկիզ, Տիրան Ներկիզ սարկաւագներն ու այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց տեղւոյն Սահակեան դպրաց Դաս-երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Սամաթիոյ բարերարներուն, սատարողներուն հոգիներուն հանգստութեան համար։
Արարողութեան ներկայ էին Սամաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Զաքէոս Ծ․ Վրդ․ Օհանեան եւ Տ․ Զատիկ Վրդ․ Պապիկեան։
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն նոյնպէս նախագահեց Սրբազան Հայրը, որու կողքին էին նաեւ Տ․ Սահակ Եպսկ․ Մաշալեան եւ այլ հոգեւորականներ։ Պատուոյ սեղանին վրայ տեղ գրաւած էին ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Մայր քաղաքապետութեան փոքրամասնութեանց խորհրդական Նատիա Թաշէլ, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պաքըրգիւղի փոխ-քաղաքապետ Նուրհան Չեթինքայա, Պէշիկթաշի քաղաքապետի խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց․ Տքթ․ Թորոս Ալճան։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հրաւիրեալներ եւ համակիրներ, որոնք ջերմօրէն հիւրընկալուեցան Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ։
Օրուան խօսնակն էր Խաչիկ Սարըլը։ Այս առթիւ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիր, որու ելոյթը եւ առաւել եւս տարած եռանդոտ աշխատանքը արժանացան ջերմ գնահատանքի՝ տրուած ըլլալով որ առողջական ծանր շրջանէ մը ետք ան վերստին նուիրեալ ծառայութեան լծուած էր համայնքէն ներս։ Տէմիր ներկաներուն ծանօթացուց Զապէլ Յակոբեանը, որ թոռն է թաղի անուանի բարերարներէն Միքայէլ Յակոբեանի։
Արտասանութիւններով հանդէս եկան Սահակեան-Նունեան վարժարանէն սաներ՝ Առէն Եաթսի, Լարիսա Քապայէլ, Թալիա Թուանա Տաղ եւ Մուրատ Սեփեթճի։ Մեներգեցին Քարին Սուսմաք ու Լիտա Քէօսէօղլու։ Տոհմիկ երգեր հրամցուցին Սահակեան երգչախումբի անդամները։
Սիրոյ սեղանի ժամանակ յուշանուէրներ յանձնուեցան Նատիա Թաշէլի, որ իր հոգածութիւնը չէր զլացած Պալըքլըի գերեզմանատան բարեկարգման ուղղութեամբ, եւ Վազգէն Պարընին, որ ինչպէս անցեալ տարիներուն, նեցուկ կանգնած էր մատաղօրհնութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Իսկ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք ալ օձագլուխ վարդապետական գաւազան մը նուիրեց Տ․ Զաքէոս Ծ․ Վրդ․ Օհանեանին։
Հաւաքոյթը աւարտեցաւ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեանի հուսկ բանքով, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ հանրային ինչ ինչ հարցերու։