ԶԻՊԷՉ-Ի ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի նոր շրջանի սկիզբի հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի տարեմուտի հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, Կարպիս Փոլատ, Գատիմ Պիրոս, Գէորգ Ներկիզ եւ Միհրան Օնուր։ Հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հերման Պալեան։ Խօսք ուղղելով ԶԻՊԷՉ-ի 14 սաներուն եւ անոնց ծնողներուն՝ Հերման Պալեան նոր շրջանի համար յղեց շնորհաւորութիւններ եւ ըրաւ բարեմաղթանքներ։ Ան յայտնեց, որ հոգաբարձութիւնը ամուր ձեւով կը խրախուսէ ԶԻՊԷՉ-ի գործունէութիւնը, ուստի բացարձակապէս պիտի չըլլան կաղացումներ։ Ան հերքեց նաեւ ԶԻՊԷՉ-ի կապակցութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած զանազան շշուկները եւ յայտնեց, որ այդ բաժանմունքը բաց պիտի մնայ մինչեւ վերջ՝ նոյնիսկ եթէ այնտեղ մնայ մէկ աշակերտ։

Իր կարգին, հոգաբարձութենէն ներս ԶԻՊԷՉ-ի գործունէութիւնը համակարգող Կարպիս Փոլատն ալ ելոյթին մէջ յայտնեց, որ այս բաժանմունքը միշտ պիտի վայելէ հիւանդանոցի ղեկավարութեան զօրակցութիւնը։ Փոլատի խօսքով՝ հոգաբարձութեան ընկալումը այն է, որ հիւանդանոցը մեծ ընտանիք մը կը համարուի բոլոր բաժանմունքներով։

Յանուն աշակերտներու ծնողներու արտայայտուեցաւ Արշալոյս Մերտինեան, որ գոհունակութեամբ բացատրեց ԶԻՊԷՉ-ի դրական ու ողջունելի արդիւնքները։ Ան յիշեցուց, որ համայնքին մէջ բազմաթիւ ընտանիքներ անբաւարարութիւններու կամ յառաջացած տարիքի պատճառով իրենց զաւակները չեն կրնար տանիլ ԶԻՊԷՉ։ Ծնողներէն Հռիփսիմէ Սունան ալ ընդգծեց, որ ԶԻՊԷՉ իսկական բոյն մը դարձած է իրենց զաւակներուն տեսակէտէ։ Իր կարգին, Մարիձա Քոփթաշն ալ մատնանշեց, որ ԶԻՊԷՉ-ի սաներու ծնողները ապագային պիտի չկարողանան իրենց զաւակներու գլուխը գտնուիլ, սա իրականութիւն մըն է, ուստի, ԶԻՊԷՉ-ն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը այս առումով նախախնամական դեր կը կատարեն։ Մարիձա Քոփթաշ արեւշատութիւն մաղթեց հիւանդանոցի ղեկավարութեան։

Ծնողներէն վերջ դարձեալ խօսք առաւ Հերման Պալեան, որ յայտնեց, թէ հոգաբարձութիւնը պատրաստակամ է յաւելեալ ծառայութիւններ մատուցելու։ Առաջին հերթին պէտք է քննութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարուին՝ կարիքները ճշդելու համար եւ աւելի վերջ հիւանդանոցը կը ջանայ այդ բոլորը դիմագրաւել՝ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։ «Որքան ատեն, որ այս հաստատութիւնը կայ՝ ձեր զաւակները երաշխաւորուած են, անոնց համար որեւէ սահմանափակում պիտի չըլլայ», ըսաւ Հերման Պալեան։

Այս ելոյթներէն վերջ նոր եղանակի սկիզբին առթիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ ունեցան հաճելի ժամանց։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018