ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՐԷԻՑ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏԱՐԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր այցելեց Հրէից Րաբունապետարան, ուր հիւրընկալուեցաւ խախամապետ ռաւ Իսհաք Հալեւայի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը րաբունապետին բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ յղեց հրէից Ամանորին՝ Ռոշ-Հաշանա տօնին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022