ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՓՐՕ-ՕՐԻԷՆԹ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Աւստրիայէն «Փրօ-Օրիէնթ» հիմնարկին կողմէ բազմանդամ խումբ մը։ 25 հոգիէ բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորեց Իսրայէլի մօտ Աւստրիոյ նախկին դեսպաններէն Ալֆոնս Քլոս։ Խումբին մաս կազմեց նաեւ Աւստրիոյ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահը՝ տքթ. Ֆրանց  Լաքներ Արքեպիսկոպոսը (Սալցպուրկ) եւ Աւստրիոյ Ուղղափառ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահը՝ Արսենիոս Մետրապոլիտը (Վիեննա)։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի տեւողութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Աթոռի առաքելութեան եւ գործունէութեան, նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան երեսակներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022