ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՍԵՄԻՆ

Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պիտի հովանաւորէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն ընկերացան Դաւիթ Տամլա եւ Մուրատ Շիրին։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղականները զանազան բացատրութիւններ տուին իրենց գործունէութեան, դպրոցի ընդհանուր վիճակին եւ թաղի կալուածական հարցերուն շուրջ։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի համայնքային շրջանակները չզլանան իրենց զօրակցութիւնը Գումգաբուի ընտանիքէն։

Նկատի ունենալով, որ համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յօդուածաշարքին մէջ երէկ տեղ տրուած էր Հրանդ Մոսկոֆեանի տեսակէտներուն եւ իր այցելութիւնն ալ համընկնեցաւ այդ հրատարակութեան օրուան՝ ան անդրադարձաւ նաեւ այս հանգամանքին։ Ան նշեց, որ այս յօդուածաշարքը լայն արձագանգ ստեղծած է եւ իրեն համար ուրախառիթ է, որ այնտեղ ընդգրկուած են իր խօսքերը։ «Ի շարունակութիւն՝ կ՚ուզեմ աւելցնել հետեւեալը. ճիշդ է, որ մենք Օրթագիւղի Ճերմակ ցանկին մէջ ոեւէ ներկայացուցիչ չունինք՝ որպէս Գումգաբուի ընտանիք։ Հարկ կը համարեմ ըսել, որ մեզի պահանջ ներկայացուած է, որպէսզի Կապոյտ ցանկին մէջ ալ ներկայացուցիչ մը ունենանք, բայց մենք այդ մէկն ալ մերժած ենք սկզբունքօրէն։ Այսինքն, Գումգաբուի ընտանիքը չէ նախընտրած այս մրցակցութեան մէջ կողմ ըլլալ՝ որքան որ ալ անմիջական ուշադրութեամբ եւ զգայնութեամբ կը հետեւինք իրադարձութիւններուն։ Առիթէն օգտուելով պիտի ուզէի ընդգծել նաեւ այս հանգամանքը», ըսաւ Հրանդ Մոսկոֆեան։

Միւս կողմէ, Գումգաբուի թաղային խորհուրդը մատաղօրհնութեան ընդառաջ երէկ այցելեց նաեւ Պատրիարքարան՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնը ստանալու համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022