ՍԻՊԻԼ ԱՐԺԱՆԹԻՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Արժանթին։ Ան առաջին անգամ կը մեկնի Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասը՝ համերգ մը տալու համար։ Պուէնոս Այրէսի մէջ նոյեմբերի 17-ին նախատեսուած է Սիպիլի համերգը։ Տեղւոյն «Plaza Seeber»ի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ Սիպիլի համերգը։

Սիպիլ այս շրջանին պիտի ունենայ նաեւ այլ արտասահմանեան ուղեւորութիւններ։ Արժանթինի պարագան անշուշտ ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Ան առաջին անգամ հրաւիրուած է այդ երկիրը եւ իր այդ ուղեւորութիւնը կը նշանակէ, որ Սիպիլի համերգներու ընդգրկած աշխարհագրական տարածքը հետզհետէ կ՚ընդլայնուի եւ ան այսպէսով կ՚ունենայ նոր նուաճումներ։

Հարկ է նշել, որ Սիպիլ յառաջիկայ տարուան սկիզբին ալ պիտի այցելէ Պրազիլ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018