ՄԻԱՅՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ժողովը։ Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ դռնփակ նիստը, որ տեւեց շուրջ 4 ժամ։ Ժողովը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ ԹՎՄ-ի ալ գլուխը կը գտնուի։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովի ընթացքին բուռն քննարկումներ ծաւալուեցան՝ վարժարաններու պիւտճէի ահաւոր բացերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Համայնքային վարիչները, որոնք լուրջ տարակարծութիւններ ունին՝ հաւաքական հարստութիւնը բաժնելու եւ արժեւորելու, նաեւ արդիւնաւէտութիւն ապահովելու հարցերուն շուրջ, հերթական անգամ թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնեցին՝ միշտ պահելով իրենց դիրքը։

Համայնքային վարիչները հերթական անգամ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին՝ յուղարկաւորութիւններու ժամանակ կատարուած նուիրատուութիւններուն համար նոր համակարգ մը հաստատելու խնդիրը, սակայն, դարձեալ չկրցան վերջնական որոշման մը յանգիլ։

ԹՎՄ-ի կրթական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեղեկագրին անդրադարձաւ Սեւան Կարապետօղլու։ Նոյնպէս անպաշտօն աղբիւրներէ մեր քաղած տեղեկութիւններով՝ Հալըճըօղլուի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վաքըֆի կալուածական խնդիրներն ալ օրակարգի վրայ եկան ժողովի ընթացքին։ Ատենապետ Սարգիս Չավուշեան տեղեկութիւններ տուաւ դատավարութիւններու ընթացքին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ մատակարար մարմինը չունի անհրաժեշտ ներուժը դատական ծախսերը դիմագրաւելու։ Ան յայտնեց, որ համայնքի միւս հաստատութիւններուն կը դիմեն՝ տարադրամի հիմունքով փոխառութիւններ ընելու համար։ Մատակարար մարմինը այդ գումարները պիտի վերադարձնէ, երբ դատական գործընթացները բարեյաջող ձեւով հասնին իրենց աւարտին։ Նոյն հարցերուն շուրջ իրաւաբան Էօմէր Քանթիքն ալ տեղեկութիւններ տուաւ ժողովականներուն։ Նիստի մասնակիցները միանշանակ մօտեցում չունեցան դատավարութիւններու հաւանական հեռանկարներուն կապակցութեամբ։

Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուին հետ, որ թէեւ չփափաքեցաւ դռնփակ նիստին վերաբերեալ ուղղակի մանրամասնութիւններ հրապարակել, սակայն, ըրաւ ամփոփ խորհրդածութիւններ։ Ան նշեց, որ համայնքային վարիչները շատ երկար ժամանակէ ի վեր անտեսած են բոլոր տեսակի զգուշացումները, խնդիրները կանխելու ճանապարհին թերացած են իրենց պատասխանատուութեան մէջ եւ ներկայիս, դժբախտաբար, համայնքը կաթուածահար վիճակի մը մատնուած է՝ մանաւանդ, որ կրթական հաստատութիւններու ցանցի արդիւնաւէտութեան եւ անհրաժեշտ միջոցներուն միջեւ յառաջացած անդունդը հետզհետէ անտանելի կը դառնայ։

«Ամէն մարդ կ՚ըսէ, որ հարստութիւնը կը պատկանի ամբողջ համայնքին, բայց, այդ բանը կ՚ըսուի միայն ծախսելու համար։ Հաւաքական հարստութեան արժեւորման համար պատասխանատուութեան եւ գիտակցութեան մասին խօսող չկայ։ Ճիշդ է, որ հարստութիւնը հաւաքական է, սակայն, սա չի նշանակեր, որ վարչական թերութիւններով այդ մէկը պիտի մսխուի ու մենք ալ աչք պիտի փակենք այդ ընթացքին վրայ», ըսաւ Շիրինօղլու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024