«ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՒՌ ՎԻՃԱԿԸ»
Երէկ երեկոյեան Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր աշխարհի լուռ վիճակը» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Մեր գեղարուեստական աշխարհի ծանօթ անուններէն Սարգիս եւ Վարդան Փաչաճը եղբայրներուն կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէս մըն էր այս ձեռնարկը ըստ էութեան։ Գեղարուեստի զանազան ճիւղերու եւ թեքնիկ հնարաւորութիւններու օգտագործումով ցոլացուած էին սպառման մշակոյթին, բնապահպանման ահազանգին, քաղաքաշինութեան խնդիրներուն եւ հասարակական դէպքերուն զանազան դրսեւորումները, որոնք զիրար կը խաչաձեւեն առօրեային։
Գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ այս երեկոյթը, որուն որպէս հիւր արուեստագէտ մասնակցութիւն բերին՝ Արէտ Աւճու, Արման Քեապէ, Ալեքսան Ուղուրլուեան, Արի Թաշ, Մկրտիչ Արծիւեան, Մուրատ Էզէր, Սարգիս Կիւրեղ, Սարգիս Փաչաճը, Սարօ Պայվերտեան, Ալէն Էօզճենկիզ եւ Սեւան Տէյիրմենճեան։
2010 թուականին մահկանացուն կնքած գանատացի երաժիշտ Լասա Տէ Սելայի յիշատակին ձօնուած այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբերի 13-ը։