ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶԻՊԷՉ-Ի ԿԵԴՐՈՆԸ
Հաշմանդամ երախաներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Դեկտեմբերի 3-ին, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան այցելեց ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ տղոց հետ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս խարսխուած այս կեդրոնին վարչայինները ստեղծուած խանդավառութեան պայմաններուն ներքեւ հիւրընկալեցին Սելինա Տողանը, որուն հետ էր նաեւ իր երկամեայ որդին՝ Տէրանը։ Տղոց ստեղծագործական աշխատանքին մասնակցելու առընթեր, Սելինա Տողան շրջեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը եւ տեղեկութիւններ քաղեց այնտեղ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, թէ իսկական խոչընդոտը անտարբերութիւն մըն է, այլապէս հաշմանդամներուն տեսակէտէ իրականութեան մէջ հնարաւոր է ապրիլ կենսունակ կեանք մը։