ՍԵԲԱՍՏԻԱՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՆԵՏԻԿ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ։ Այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տքթ. Պարգեւ Պալըմեան, որ ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր եւ առաջին աբբահայր Մխիթար Սեբաստացիի կեանքն ու գործունէութիւնը։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայր Աբրահամ Ֆրատեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու, շարք մը համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հետաքրքիրներ։ Ձեռնարկի սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ 1915-ի սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին։
Հանգուցեալ Արման Վարդանեանի յիշատակին ձօնուած բանախօսութեան ընթացքին Պարգեւ Պալըմեան ներկայացուց Սեբաստիայէն սերած եւ իր բազմակողմանի ձիրքերով յայտնի Մխիթար Վարդապետի կեանքին զանազան հանգրուանները։ Ան ներկայացուց Մխիթար Սեբաստացիի Սեբաստիայէն մինչեւ Վենետիկ ձգուող կեանքին հիմնական առանցքները, ըստ էութեան կեդրոնանալով նախավենետիկեան շրջանին վրայ։ Իր արտայայտութիւններուն ժամանակ ան ներկայացուց նաեւ զանազան տեսողականներ։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Զէքիեան Գերապայծառի փակման խօսքով։