ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, փոխ-ատենապետ Նայիլ Թոփլայըճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ ներկայիս թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ յատկանշական շրջանի մը։ Արդարեւ, շաբաթավերջին, բարենորոգութեան երկար շրջանէ մը վերջ պիտի օծուի ու պաշտամունքի պիտի վերաբացուի Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Նոյն շաբաթավերջին նախատեսուած է նաեւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այս բոլորին ընդառաջ Պաքըրգիւղի վարչայինները փափաքած էին մամլոյ միջոցաւ տեղեակ պահել հանրային կարծիքը՝ մանաւանդ, որ մօտաւոր ապագային պիտի սկսի նաեւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքը։ Պաքըրգիւղցիները բազմակողմանի յայտագիր մը մշակած են այս առթիւ։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին հիւրերը նշեցին, որ Տատեան վարժարանը այս տարի ունի 385 աշակերտ։ 53 կրթական մշակ կը պաշտօնավարէ դպրոցէն ներս եւ պաշտօնէութեան հետ միասին այդ թիւը կը բարձրանայ 70-ի։ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը այս տարուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ յայտարարած է 550 հազար լիրա պիւտճէի բաց մը։ Մեր զրուցակիցները յատկապէս նշեցին, որ այս պիւտճէի բացը գոյացած է Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն բերումով։ Այլապէս, Տատեան վարժարանը կը համարուի ինքնաբաւ։ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը որդեգրած է սկզբունք մը, որով կը փորձէ դպրոցը կառավարել՝ տեղաւորուելով զուտ իր հնարաւորութիւններու եւ պայմաններու սահմաններուն մէջ։

Անդրադառնալով դպրոցի 175-ամեակին մօտալուտ յոբելեանին՝ հիւրերը նշեցին, որ նախատեսուած ձեռնարկներու շարքը պիտի սկսի յառաջիկայ մարտի 25-ին, գեղարուեստական երեկոյթով մը։ Պաքըրգիւղցիները մտադիր են նաեւ կազմակերպել ասուլիս մը այնպիսի անձնաւորութեան մը հետ, որու մարմնաւորած կերպարը կրնայ ուղեցոյց ըլլալ մեր այսօրուան երիտասարդութեան համար։ Այդ առումով որպէս գլխաւոր թեկնածու նկատի կ՚առնուի յայտնի տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլուն, որու հետ ասուլիս մը կազմակերպելու ծրագիրը կը փորձեն հասունցնել պաքըրգիւղցիները։

Հաճելի զրոյցի աւարտին մեր հիւրերը նշեցին, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը միշտ կը փորձէ վայելել համայնքային շրջանակներու զօրակցութիւնը։ Մարդուժով հարուստ մեր այս թաղը կը փափաքի նաեւ իր դարաւոր վարժարանի յոբելենական շրջանի ուրախութիւնը բաժնել մեր ամբողջ համայնքին հետ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018