ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 15 դեկտեմբերին։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ թաղականները Պատրիարքարան այցելեցին եւ նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Ան գնահատեց թաղականներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ այս առթիւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։  

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019