ԴԱՐՁԵԱԼ ՏԱՏԵԱՆ

Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի գտնուած փողոցը վերանուանուեցաւ նոյն անունով։ Պաքըրգիւղի «Տատեան» փողոցի անունը միջոց մը առաջ ենթարկուած էր փոփոխութեան։ Այս իրադարձութենէն վերջ շարժման անցած էր քաղաքապետարանը, որու խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ առնուած էր որոշում մը՝ որպէսզի փողոցի անունը չենթարկուի փոփոխութեան։ Այդ որոշման հիման վրայ երէկ փողոցի անուան ցուցատախտակը հանդիսաւոր արարողութիւնով մը փոխուեցաւ։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլուի ձեռամբ պատին վրայ զետեղուեցաւ «Տատեան փողոց» ցուցատախտակը։ Քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն առընթեր, այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Պաքըրգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները։ Քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու այս առթիւ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին թուարկեց Տատեան գերդաստանի կողմէ Օսմանեան շրջանին մատուցուած ծառայութիւնները։ Ան յոյս յայտնեց, որ Գլխաւոր քաղաքապետութիւնը այլեւս անգամ մըն ալ փոփոխութեան չ՚ենթարկեր փողոցի անունը, որովհետեւ պաքըրգիւղցիները իւրացուցած են Տատեանի անունը։ Փողոցի վերանուանման վերաբերեալ 9 յունուարին ընդունուած որոշման համար ալ քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն։

Արարողութենէն վերջ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու այցելեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ յարակից Տատեան վարժարանը։

(Լուսանկար՝ Մկրտիչ Արծիւեան)

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019