ՅԱՄԱՌ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբը երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Մօտաւոր անցեալին այս յանձնախումբին անունը սուր բանավէճի մը բերումով թրքահայութեան օրակարգին վրայ եկած էր։ Համայնքային շրջանակները հետեւած էին ERVAB-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ այս կրթական յանձնախումբին գլուխը անցած՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեանի միջեւ ծագած տարաձայնութիւններուն։ Այդ բոլորէն վերջ Աքսէլ Թոփալեան հրաժարած էր եւ յանձնախումբի գործունէութեան շարունակութեան վերաբերեալ անխուսափելիօրէն ծագած էին հարցականներ։
Ընկերային ցանցերու վրայ երէկ յանկարծ յայտնի դարձաւ, որ այս յանձնախումբը դարձեալ ժողով մը գումարած է։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ ժողովին ատենապետած է Աքսէլ Թոփալեան։ Այլ աղբիւրներ ալ կը հաղորդեն, որ այս պահուն յանձնախումբը ատենապետ չունի։ Առկայ ամբողջ մոլորութեան ընդմէջէն մեր համայնքը կը ջանայ հասկնալ, թէ ինչեր կը ծրագրուին պոլսահայ վարժարաններու ապագային համար։ Այս յանձնախումբը ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարած է իր ատենապետի հրաժարականին եւ պատճառներուն մասին։ Ներկայիս ալ ոչինչ յայտարարուած է անոր գործունէութեան շարունակութեան մասին։ Հանրային կարծիքի դէմ այս աստիճանի անլրջութիւնը ինքնին խնդիր մըն է եւ ինքնաբերաբար կասկածներ կը յարուցէ մասնակիցներու գործունէութեան լրջութեան տեսակէտէ։ Ինչպէս համայնքի բոլոր լծակները, այս կառոյցն ալ հանրային կարծիքը պաշտօնապէս լուսաբանելու փոխարէն՝ կը նախընտրէ ընկերային ցանցերու միջոցաւ բամբասանքներ շրջանառութեան մէջ դնելու գործելաոճը։
Երէկուան ժողովի կապակցութեամբ կարծիքը շօշափեցինք Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանին։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան մեզի յայտնեց, որ ERVAB-ի կրթական յանձնախումբը կը ջանայ լուծումներ գտնել դպրոցներու նիւթական խնդիրներուն։ Արդարեւ, առանց նիւթական խնդիրները լուծելու՝ որեւէ հեռանկար գոյութիւն չունի, որպէսզի մասնագէտներու ներգրաւումով, արհեստավարժ ճանապարհով լուծումներ որոնուին կրթական՝ բուն մասնագիտական խնդիրներուն։
Կը մնայ լաւատեսութեամբ հետեւցնել, որ համայնքի վարչայինները յամառ որոնումներու մէջ են եւ իրարու հետ սերտ կապեր ունին։