«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ

«Փոք­րիկ» ման­կա­կան կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Գա­րօ­լին Մա­մի­կո­նեան, Գա­րօ­լին Սա­րը եւ Սել­մա Մե­լե­քեան վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Գալ­ֆաեան Տուն։ Ա­նոնք պաս­տա­ռի վրայ ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին կայ­քէ­ջը, ուր տղոց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած են դա­սա­կան ա­ռաս­պել­ներ, ար­դի պատ­մուածք­ներ ե­ւ այլն։ Գալ­ֆաեան­ցի սա­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած նմոյշ­նե­րուն։ Կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ հար­ցազ­րոյց­ներ ալ ը­րին։

Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մէն ներ­կայ­ցու­ցիչ­ներ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին «Փոք­րիկ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց հետ ու­նե­ցան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։ Այս առ­թիւ մատ­նան­շուե­ցաւ, որ մայ­րե­նի լե­զուն յա­ւերժ պա­հե­լու եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու տե­սա­կէ­տէ ա­նան­տե­սե­լի ծրա­գիր մըն է «Փոք­րիկ»ը։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017