ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 22-ՐԴ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ ՊԷԶՃԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Միջմիութենական 22-րդ գիտական մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Պէզճեան սանուց միութեան մէջ։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Սիմքէշեան, որ կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։ Ան տեղեկութիւններ տուաւ մրցաշարքի կանոններուն մասին եւ բոլոր մասնակիցներուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Աւելի վերջ Սելին Չավուշօղլուի հանդիսավարութեամբ սկսաւ մրցոյթի առաջին փուլը։ Հայերէն հարցումները ներկայացուց Տիանա Չիլինկիրեան։ Դատակազմի անդամներն են՝ Ալէն Խաչիկօղլու, Թագուհի Մաթաթեան, Գէորգ Սիմքէշեան եւ Դալար Ավճը։

Մրցոյթը պիտի տեւէ շուրջ ամիս մը։ Ամէն Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի Պէզճեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ նախատեսուած են հերթական փուլերը։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018