ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ՓԵԼԻԹ» ՏՈՒՐՄԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները Բարեկենդանի առթիւ այցելեցին «Փելիթ» տուրմի եւ քաղցրաւենիքներու արտադրութեան գործարանը, որու համալիրէն ներս կը գտնուի նաեւ թանգարան մը։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր եւ դասարանի ուսուցիչները հսկեցին տղաքը։ Նորին սրբազնութիւնը գլխաւորեց այս այցելութիւնը՝ հաշուի առնելով, որ կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած էին իր համակիրներուն կողմէ՝ Բարեկենդանի առթիւ։ Գործարանէն ներս պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին տղաքը, որոնք արտադրութեան ականատես ըլլալու առընթեր վառ տպաւորութիւններ ունեցան նաեւ թանգարանի բաժնէն։ Արդարեւ, այդ թանգարանին մէջ անոնք տեսան զանազան պատմական շէնքերու մանրակերտներ, յայտնի դէմքերու կիսանդրիներ, կենդանիներ, հէքեաթներու հերոսներ՝ բոլորն ալ պատրաստուած տուրմէ։

Գործարանէն ներս Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտներուն հրամցուեցաւ նաեւ կէսօրուան ճաշ, իսկ արձակման ժամանակ բոլորին յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019