Շաբաթ 10, Մայիս 2025
ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան աւանդական նախաճաշի հաւաքոյթը կայացաւ երէկ։ Հանգստեան կոչուած ու գործունեայ ուսուցիչներ Համբարձման արձակուրդէն օգտուելով, ինչպէս անցեալ տարիներուն, ապրեցան անմոռանալի ժամեր՝ Ֆեներպահչէի «Ռոմանթիքա» ծովահայեաց զբօսարանին մէջ։ Մտերմիկ հաւաքոյթի աւարտին անոնք յայտնեցին իրենց շնորհակալութիւնը միութեան վարչայիններուն, որոնց ատենապետուհին է Թագուհի Հալաճեան։
Ուրբաթ, Մայիս 6, 2016