ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇՈՒԹԻՒՆ
Տիարպաքըրի Ս․ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, որ երկար տարիներէ ետք իրականացած էր թրքահայութեան միացեալ ուժերով, երէկ կատարուած յատուկ հանդէսով մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան Մշակութային ժառանգութեան (Europa Nostra) հեղինակաւոր պարգեւը։ 263 անհատներ ու կազմակերպութիւններ դիմած էին ստանալու համար այս հեղինակաւոր մրցանակը, որուն արժանի նկատուած էին սակայն միայն 28-ը։
Մրցանակի յանձման ու ցուցանակի ամրացման հանդիսութիւնը կը նախատեսուէր Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ մէջ, սակայն Սուր թաղամասի շրջափակման ու այնտեղ տիրող կացութեան հետեւանքով հանդէսը երէկ կատարուեցաւ Գումգաբուի Ս․ Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ։
Այս առթիւ արտայայտուեցան Europa Nostra-ի Թուրքիոյ գրասենեակի նախագահ Նուրան Զերէն Կիւլերսօյ, Եւրոպական Միութեան Թուրքիա պատուիրակութեան փոխ-նախագահ Անտրէ Շմիթ, Տիարպաքըրի համաքաղաքապետ Ֆըրատ Անլը, եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք, իսկ Europa Nostra-ի ընդհանուր քարտուղար Անեսքա Քուաետվիլիէկ Միխայլովիչ հաւաքին միացաւ համացանցի միջոցով։ Վերանորոգումի գործընթացը ղեկավարած Տքթ․ Մերալ Հալիֆէօղլու ալ հանդէս եկաւ զեկուցումով մը եւ ներկայացուց կատարուած աշխատանքը։
Europa Nostra-ի մրցանակաբաշխութեան կոմիտէն Տիարպաքըրի Ս․ Կիրակոսը այս պարգեւին արժանի դատած էր կատարուած համատեղ աշխատանքին պատճառով, զոր հայութեան հետ միասնաբար իրականացուցած էին քաղաքին ու հասարակութեան տարբեր հատուածները։