ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Ծնողներու եւ հիւրերու ալ ներկայութեամբ իսկապէս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցէն ներս։ Դասարանի ուսուցչուհիներուն՝ Ռիթա Կետիկօղլուի եւ Նիհալ Տուրմազի հսկողութեան ներքեւ տղաքը պատրաստուած էին ընթերցման տօնին։ Յայտագրին մաս կազմեցին արտասանութիւններ, խաղեր, պարեր եւ թատերակներ։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արձանագրած յաջողութեամբ։
Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, գնահատեց ծրագիրը վերահսկած ուսուցչուհիները եւ ապագայ կրթական կեանքի համար յաջողութիւններ մաղթեց փոքրիկներուն։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ալ շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւնը։