ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ

Երէկ, Մխիթարեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը։ Աւանդական Խաւիծի օրուան առթիւ վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան թէ՛ վերյիշելով իրենց յուշերը եւ թէ ականատես ըլլալով այս խոր աւանդութիւններով կրթական հաստատութեան այս օրուան կացութեան։

Շրջանաւարտից օրուան առթիւ մխիթարեանցիները նախ համախմբուեցան Անարատ Յղութեան մատրան մէջ, ուր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի։ Արարողութենէն վերջ շրջանաւարտները շրջայց մը կատարեցին վարժարանին մէջ՝ մանաւանդ դասընկերներու հետ համախմբուեցան իրենց երբեմնի դասարաններուն մէջ։

Աւելի վերջ վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան մխիթարեանցիները։ Մասնաւորապէս յոբելեար շրջանաւարտները կ՚ապրէին մեծ խանդավառութիւն։ 40-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան Մխիթարեանի ընտանիքին կողմէ, մինչ 1966-1967 տարեշրջանին Մխիթարեանի նախակրթարանէն ընթացաւարտ եղած իգական սեռէ շրջանաւարտներն ալ յոբելեարներու շարքին էին։

Բացօթեայ ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ յիշեցուց, թէ 194 տարիէ ի վեր այս վարժարանը գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճու։ Այս վերջինն ալ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ միութեան կողմէ անցեալ տարեշրջանին կատարուած գործունէութեան։

Աւելի վերջ յոբելեար շրջանաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց յուշանուէրները, մինչ բոլորին կողմէ շրջապատուեցան բարեմաղթութիւններով։

Ճաշկերոյթի վերջաւորութեան Խաւիծի օրուան ծրագիրը աւարտին հասաւ Զեքիեան Գերապայծառի խօսքով։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2019