ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Էսաեան սանուց միութիւնը, ուր մասնակցեցաւ «Մարալ» համոյթի հերթական փորձին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ մարալցիները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Նորին Ամենապատուութեան այցելութիւնը մեծ խրախուսանք մը եղաւ համոյթին տեսակէտէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Կարպիս Չափքանի տարած աշխատանքը, նաեւ արժեւորեց այն հանգամանքը, թէ երիտասարդները իրենց ազատ ժամանակը կը յատկացնեն մշակութային գործունէութեան։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին նուիրեց փոքրիկ խաչեր, որոնք պատրաստուած էին՝ «Մարալ» համոյթի համակիրներէն Արի Չոլաքի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024