ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՑ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ «Ակադեմիա Տատեան» խորագրեալ հաւաքոյթի մը շրջանակներէն ներս։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Համայնքային կառոյցներու վարչայինները, վարժարաններու տնօրէններ, կրթական մշակներ, Տատեան վարժարանի սաներու ծնողներ եւ այլ հիւրեր մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին գործադրուած յայտագիրը ունէր թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ ծանօթացման բնոյթ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները ծանօթացուցին Տատեան վարժարանի գործունէութեան զանազան ուղղութիւնները՝ կրթադաստիարակչականէն մինչեւ ընկերամշակութային։ Ելոյթներով հանդէս եկան Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տոց. Ելիզ Էօղրէթ եւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ համախմբուած ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին երաժշտական կատարումները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով ծրագիրը հասաւ իր աւարտին։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024