ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ
Գումգաբուի ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Պէզճեանցի զանազան սերունդներէ սաներ երէկ առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցան դպրոցի բարեյիշատակ հիմնադիրները, տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու բոլոր սաները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հաւաքը։ Սիրոյ սեղանի ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած էր շրջանաւարտից օրը։ Սեղանը օրհնեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ էին նաեւ Գումգաբուի ընտանիքին վարիչները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ վարժարանի ուսուցչաց կազմէն Սօնա Արթանի։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան երիցագոյն շրջանաւարտներէն Մարիա Աղտամար եւ Պետրոս Զորլու, նաեւ կրտսերագոյն սաներէն Արինա Գույումճեան եւ Քեւըն Զենկիլ։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, 25-ամեակի եւ 50-ամեակի յոբելեար շրջանաւարտները առանձնապէս մեծարուեցան եւ իրենց յանձնուեցան զանազան յուշանուէրներ։ Յոբելեար դասարաններու ներկայացուցիչներն ալ ելոյթներով ընդգծեցին իրենց երախտագիտութիւնը՝ Պէզճեան Մայր վարժարանին նկատմամբ։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի սաներու ելոյթները արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։ Հաւաքը աւարտին հասաւ հայր սուրբի խօսքով եւ աղօթքով։ Բոլոր պէզճեանցիները հրաժեշտ առին՝ այժմէն ժամադրուելով յառաջիկայ տարուան համար։