ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՇԵՑ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ բարձր տրամադրութեամբ նշեց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Գոհաբանական Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի եւ քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները եւս հետեւեցան արարողութիւններուն։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։
Ի ժամ Ս. Պատարագի ընթերցուեցաւ օրուան յոբելեանին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ տրուած օրհնութեան գիրը։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ ընթերցուելէ ետք այդ մէկը յանձնուեցաւ Յակոբ Մամիկոնեանին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կիսասարկաւագ կարգեց Սեւան Տէյիրմենճեանն ու Արդար Պաղճըն, նաեւ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Վիչէն Պիթլիսեանին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, վարիչները, վարչայիններն ու բոլոր անդամները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու ընկերակից հոգեւորականներուն այս փուլին միացաւ նաեւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Թամար Մանկասարեանի։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Յակոբ Մամիկոնեան, Սեւան Կիսասարկաւագ Տէյիրմենճեան, թաղային խորհուրդէն Ռաֆֆի Սիւզմէ եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկանց կազմն ալ յոբելեանին ձօնուած կատարումներով հանդէս եկաւ՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ եւս տպաւորեց ներկաները։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին՝ Յակոբ Մամիկոնեանին, Սեւան Տէյիրմենճեանին, Արդար Պաղճըին, Վիչէն Պիթլիսեանին, Հրանդ Չիզմէճեանին, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին, Լինտա Քումտակէզէրին, Սայաթ Կիւրիւնին եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին համար։ 25 եւ աւելի տարիներ երգչախումբին ծառայած անդամներն ալ պարգեւատրուեցան։ Այս փուլէն վերջ սրտի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ձեռաց խաչ մը նուիրուեցաւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանին, որ կը նշէր իր ձեռնադրութեան 35-ամեակը։ Լանջախաչ մըն ալ նուիրուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին։
Սիրոյ սեղանի վառ պահերը բնորոշեցին Լուսաւորիչ երգչախումբի կատարումները, որոնք բուռն ծափահարութիւններու արժանացան։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ «Լուսաւորչի կանթեղ»ը միշտ անշէջ մնայ՝ յղում ընելով սիրոյ սեղանի երգացանկի գործին։
Տէրունական աղօթքէն վերջ բոլորը արձակուելու ժամանակ նորանոր նուաճումներ մաղթեցին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին, որու արդի տարեգրութիւնները Յակոբ Մամիկոնեանի դրոշմը կը կրեն։