ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տա­րե­վեր­ջի շրջապ­տոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Քու­շա­տա­սը։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք հանգ­րուա­նե­ցին նաեւ Ե­փե­սո­սի ա­ւե­րակ­նե­րուն եւ Շի­րին­ճէ գիւ­ղին մէջ։

Տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէի եւ ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Մա­րալ Փար­լա­քի եւ Մե­լի­սա Քիւր­տօղ­լուի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ է­սաեան­ցի­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­նոնք ի­րենց ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կի լո­ղա­ւա­զա­նէն լիու­լի օգ­տուե­լու ա­ռըն­թեր, ծա­նօ­թա­ցան շրջա­կայ­քին, ա­կա­նա­տես ե­ղան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւն­նե­րուն եւ գիր­կընդ­խառ­նուե­ցան բնու­թեան հետ։

Ա­ռա­ջին ան­գամ դա­սըն­կեր­նե­րով ճամբոր­դե­լու առ­թած խան­դա­վա­ռու­թիւնն ալ կը բազ­մա­պատ­կէր խում­բին տրա­մադ­րու­թիւ­նը։ Այս­պէս, է­սաեան­ցի­նե­րը վառ ապ­րում­նե­րով վե­րա­դար­ձան քա­ղաքս։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015