ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդիսութիւնը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի գլխաւորութեամբ դպրոցի ամբողջ ընտանիքը ներկայ էր հանդէսին, ծնողներով եւ հիւրերով հանդերձ։ Օրուան յայտագրի վերապատրաստութիւնը հսկած էին կրթական մշակներ՝ Էլմաս Պոզ, Ռիթա Մարտինեան, Գարին Սուսմաք եւ Նայիրա Ալաչամ։ Մանկապարտիզպանուհի Էլմաս Պոզի խօսքէն վերջ տղաքը օրուան յայտագիրը գործադրեցին՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։ Վերջաւորութեան Անիթա Թումայեան արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։ Հանդէսի աւարտին սարքուած ընդունելութեան ընթացքին փոքրիկներուն համար հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։