ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի նորաստեղծ մանկապատանեկան կազմի անդրանիկ համերգը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին ձեռնարկուած աշխատանքի անդրանիկ պտուղն էր այս համերգը, որ մեծ յուզում յառաջացուց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին մօտ։ Երեկոյթը պատուեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էր Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, խմբավար Ատրուշան Հալաճեան, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Բոլորը լարուած ուշադրութեամբ կը սպասէին փոքրիկներու ելոյթին։
Ձեռնարկը բացուեցաւ դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհանի ողջոյնի խօսքով։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու հանգրուաններով։ Նախ հանդէս եկաւ փոքրիկներու առաջին խումբը, որ կը բաղկանար մանկապարտէզէ մինչեւ երկրորդ դասարանի աշակերտներէ։ Այս խումբին վարիչն էր Իւմիտ Սաքման, որու մականին ներքեւ տղաքը ներկայացուցին քանի մը երգ, Շանթ Էսմէրի նուագակցութեամբ։ Յետոյ հանդէս եկաւ երկրորդ խումբը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին երրորդէն մինչեւ վեցերորդ դասարաններու սաները։ Այս խումբի վարիչն է Յովսէփ Գույումճեան, որու մականին ներքեւ փոքրիկներու ներկայացուցած երգերուն նուագակցեցաւ Լիւսի Գահվէճիօղլու։ Յայտագրի եզրափակիչ փուլին երկու խումբերը միասնաբար ներկայացուցին վերջին երգը։
Մինչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան արտասանեց օրհնութեան խօսք մը, այս նոր խմորման պատասխանատուներուն եւ զօրակիցներուն համար Տնօրէն խորհուրդին կողմէ պատրաստուած գնահատագրերը յանձնուեցան ծափողջոյններու ներքեւ։
Աւելի վերջ «Ալաճաճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին երգչախումբի փոքրիկները ամրան արձակուրդին ընդառաջ առարկայ դարձան բոլորի սիրոյ զգացումներուն։