«ԶԱՆԳԱԿՆԵՐ»ՈՒՆ ՂՕՂԱՆՋԸ…
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ «Հրանդ Տինք» վարժարանէն ներս մանկապարտէզի բաժինը կը կոչուի «Գարուն»։ Փոքրիկները երկու հիմնական խումբերու կը բաժնուին «Գարուն» մանկապարտէզէն ներս։ Առաջին խումբը կը կոչուի՝ «Աստղիկներ», որոնք սկսնակներն են։ Երկրորդ խումբը կը կոչուի՝ «Զանգակներ», որմէ վերջ տղաքը արդէն կը յաճախեն նախակրթարան։ Ուրեմն, շաբաթավերջի հանդիսութիւնը «Զանգակներ»ուն զուարթ ղօղանջն էր։ Անոնք օրուան հանդիսութեան պատրաստուած էին մանկապարտիզպանուհիներ՝ Մարգրիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Ալլա Կիւրեղեանի մականին ներքեւ։ Նարինէ Ստեփանեանի դաշնակի նուագներուն զուգահեռ փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց խմբերգներով։ Անոնք հանդէս եկան նաեւ պարերով եւ արտասանութիւններով։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ կարեւորեց կրթական կեանքի այս առաջին փուլը՝ ճիշդ դաստիարակութեան համար հիմքեր ստեղծելու տեսանկիւնէն։
Դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ փոքրիկներու ծնողներուն մասնակցութեամբ գործադրուած ծրագրի աւարտին «Զանգակներ»ուն նուէրներ յանձնեց Յարութիւն եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ դպրոցի կամաւորաց հոգատար մարմինը։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ բոլորը միասնաբար տօնախմբեցին վարժարանի փոքրիկներու կրթական կեանքի այս առաջին քայլափոխը։