ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՕՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին ձօնուած ներ­կայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րը։ Այս տա­րի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած տա­րե­կան հա­ւա­քը ու­նե­ցաւ ար­տա­սո­վոր փայլ մը։ Տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէ­րի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը, ո­րուն տե­ւո­ղու­թեան Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­ներն ալ ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Գալ­ֆաեան Տան այժ­մու ննջա­րա­նի հա­մա­լի­րի պար­տէ­զին մէջ կազ­մա­կեր­պուած դաշ­տա­հան­դէ­սի մը ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած էր շրջա­նա­ւար­տից օ­րը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ եւ կրթա­կան մշակ­ներ։ Յո­բե­լեար դա­սա­րան­նե­րուն մօտ բնա­կա­նա­բար տրա­մադ­րու­թիւ­նը ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն բարձր էր։ Դպրո­ցի այժ­մու սա­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան ի­րա­րու հետ դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րը ո­գե­կո­չե­լու եւ զի­րար վե­րագտնե­լու եր­ջան­կու­թեամբ նկա­րա­հա­նուե­լու։

Ճա­շա­սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած գալ­ֆաեան­ցի­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց՝ գոր­ծադ­րուած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րով։ 150-ա­մեա­կի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րէն Պես­սէ Քա­պաք հան­դէս ե­կաւ ա­նոնց ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը։ 150-ա­մեա­կի ներ­կայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին խորհր­դան­շա­կան վկա­յա­կան­ներ յանձ­նուե­ցան բո­լոր գալ­ֆաեան­ցի­նե­րուն։ Մինչ այդ, Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քի խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րուն ա­ռար­կայ դար­ձաւ դպրո­ցի անձ­նա­կազ­մի սիւ­նե­րէն Ան­նա Շա­հին, որ ե­րեք տաս­նա­մեակ ա­նընդ­մէջ անձ­նու­րաց ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած է գալ­ֆաեան­ցի­նե­րուն։

Հան­դի­սու­թեան ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան պա­հե­րը ապրուե­ցան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան կար­կան­դա­կի հատ­ման ժա­մա­նակ, մինչ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը զօ­րակ­ցու­թեան զգա­ցում­նե­րով եւ յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թան­քով շրջա­պա­տուե­ցան բո­լոր գալ­ֆաեան­ցի­նե­րուն կող­մէ։ Այսպէսով եզրափակուեցաւ շրջանաւարտից օրուան յայտագիրը։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016