ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ՏՕՆԸ
Էսաեան վարժարանին մէջ այս օրերուն կը տիրէ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին մեծ հրճուանքը։ Սա էսաեանցիներու մեծ տօնն է, որ հերթական անգամ առիթ կը հանդիսանայ հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման։
Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքը կեանքի կը կոչուի երեք փուլով։ Առաջին փուլը՝ բաժակի օրը տեղի ունեցաւ Շաբաթ առաւօտ։ Էսաեանցիներու օրուան առթիւ վարժարանը իր դռները լայն բացած էր բոլոր սաներուն համար։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ դպրոցի սրահին մէջ։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները ու մեծ թիւով էսաեանցիներ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ։ Յայտագրին տեւողութեան զանազան ելոյթներով հանդէս եկան դպրոցի աշակերտներէն Թինա Տեմիրճի, Սեսիլ Գարակէօզեան, Հարի Վերնիշեան, Սէրլի Մայիսօղլու, Հանիա Ստեփանեան եւ Կարէն Պետիկօղլու։
Աւելի վերջ Էսաեանի մեծ ընտանիքի համակրանքին առարկայ դարձան այս տարուան յոբելեար դասարանները։ 1945-46 տարեշրջանի միջնակարգի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 70-ամեակը, 1955-56-ի լիսէի ընթացաւարտները տօնեցին իրենց 60-ամեակը, 1965-66-ի լիսէի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 50-ամեակը, 1975-76-ի լիսէի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 40-ամեակը, 1990-91-ի լիսէի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 25-ամեակը եւ 1965-66-ի նախակրթարանի ընթացաւարտներն ալ նշեցին իրենց 50-ամեակը։ Այսպէս, յոբելեար այս վեց դասարաններու շրջանաւարտները բեմին վրայ տողանցեցին՝ բաժնելով իրենց ուրախութիւնը Էսաեանի մեծ ընտանիքին հետ։ Իւրաքանչիւր դասարանին կողմէ ներկայացուցիչներ արտասանեցին սրտի խօսքեր։
Յայտագրի այս փուլէն վերջ էսաեանցիները միասնաբար ճաշեցին իրենց պատմական վարժարանի համալիրէն ներս։ Դժբախտաբար, տեղատարափին հետեւանքով բացօթեայ սեղաններու շուրջ համախմբուիլ կարելի չեղաւ։ Բայց եւ այնպէս, եղանակը չկրցաւ ստուեր ածել էսաեանցիներու բարձր տրամադրութեան վրայ։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան կրտեսրագոյն էսաեանցին Ալէքսան Քիւչիւքը եւ երիցագոյնը՝ Թամարա Էօզարմաղանը։ Բոլոր էսաեանցիները բաժակ բարձրացուցին իրենց վարժարանի յարատեւութեան համար։ Այս հանգրուանին մեներգներով հանդէս եկաւ յայտնի արուեստագիտուհի Ժագլին Չարքճը։
Բաժակի օրէն վերջ, երէկ ալ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ էսաեանցիները ոգեկոչեցին իրենց դպրոցի հիմնադիրները՝ բարեյիշատակ Էսաեան հարազատները, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բոլոր սատարողները, տնօրէնները, կրթական մշակներն ու սաները։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որ հանդիսապետեց նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօնին։
Այսօր, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յոբելեար դասարաններու սաները կը հիւրընկալուին Էսաեան վարժարանին մէջ, անմիջականօրէն կը շփուին այսօրուան աշակերտութեան հետ, ու կէսօրին կը ճաշեն դպրոցին մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024