ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ յատ­կան­շա­կան օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը ան­ցաւ խրախ­ճան­քի մը մթնո­լոր­տով։ Զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս, ինչ որ ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում­ներ առ­թեց ի­րենց։ Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Մե­լի­սա Թաշ­ճեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տքթ. Եդուարդ Հար­բութ, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն Ա­նի Թա­շը, սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Նա­տին Վան­լըօղ­լու, սա­նուց միու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց յանձ­նա­խում­բէն Լի­տիա Եա­ղան եւ դպրո­ցի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի­նե­րէն Ա­նի Գամ­պե­րեան։

Ա­ւե­լի վերջ 25-ա­մեայ եւ 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ եւ վկա­յա­կան­ներ։ Այս հա­ւա­քոյ­թը հան­դի­սա­ցաւ նաեւ պա­տեհ ա­ռիթ մը՝ որ­պէս­զի Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նէ յա­նուն դպրո­ցի զա­նա­զան մրցոյթ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած ա­շա­կերտ­նե­րուն։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ շա­րու­նա­կուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը։ Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մու­րատ Չա­քան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ դպրո­ցի միւս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ կա­ցու­թեան, ար­դի ձեռք­բե­րում­նե­րուն եւ դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016