ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ճատրակի խումբը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Թերաքքի» հիմնարկի դպրոցներուն կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքին։ Այս տարի 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այս ճատրակի մրցաշարքը, որու արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ ախոյեան։ Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները որեւէ պարտութիւն չկրեցին այս մրցաշարքին ընթացքին։ Խումբին մաս կազմեցին՝ Մասիս Քարա, Ռուբէն Թորոս, Խաչիկ Ճան Օլկար եւ Սելին Թոմպաք։ Միեւնոյն ժամանակ, Մասիս Քարա եւ Սելին Թոմպաք առաջին հանդիսացան իրենց սեղաններուն շրջագծով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ճատրակի խումբը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ Սայաթ Թուղլաճըի վերահսկողութեան ներքեւ։