ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Դպրոցի նախակրթարանէն վկայեալ սաները ծափողջոյններու ներքեւ առարկայ դարձան Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուներու ջերմ վերաբերմունքին։ Տղաքը հանդէսի ընթացքին ունեցան յաջող ելոյթներ, մինչ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024