ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայ շաբաթը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսին շնորհիւ, որ տեղի ունեցաւ թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին Սամաթիոյ ընտանիքէն վարիչներ, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւեր, որոնց ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ։

Մանկապարտէզի փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Անոնք ստացան նաեւ իրենց կրթական կեանքի առաջին վիճակացոյցները։

Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024