ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՌՈՒՆ ՇՐՋԱՆ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի նոր ե­ղա­նա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը ե­րէկ հա­մախմ­բեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Գնա­լըի բար­ձուն­քին այս առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ծա­նօթ է, որ ա­մէն տա­րի ամ­րան ար­ձա­կուր­դի շրջա­նին թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին կի­զա­կէ­տին կը յայտ­նուի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը, ուր մեր հա­մայն­քի հա­մեստ խա­ւե­րու զա­ւակ­նե­րը կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց ամ­րան ար­ձա­կուր­դը։ Այս տա­րի եւս Կազ­դուր­ման կա­յա­նը իր դռնե­րը լայն բա­ցած է՝ խումբ առ խումբ հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մար տղա­քը։ Ա­ւե­լի՛ն, ներ­կայ ե­ղա­նա­կը ու­նի յո­բե­լե­նա­կան բնոյթ, ո­րով­հե­տեւ կը զու­գա­դի­պի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ներ­կայ ձե­ւա­չա­փով հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեա­կին։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ե­ղա­նա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ձօ­նուած կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ապ­րուե­ցաւ մեծ ե­ռու­զեռ։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Բար­սեղ Քհնյ. Վան­լեան, որ հիւ­րա­բար կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վուտ­հան, Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, Ռոյ Սրկ. Քիւ­չիւ­քա­թէշ, Ար­թուն Սրկ. Թե­քի­րօղ­լու եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­նե­րը, բա­րե­րար­նե­րը եւ սա­տա­րող­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ սի­րոյ սե­ղան սար­քուե­ցաւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի «Գրի­գոր Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին մէջ։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը, ո­րու կող­քին էին Հայր Սուրբն ու Տէր­հայ­րը։ Հա­ւա­քոյ­թի պա­տուոյ հիւ­րերն էին Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տար եւ իր խորհր­դա­կան­նե­րէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, ո­րոնց ջան­քե­րով Գնա­լըի մէջ թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­մա­րա­նո­ցը, թէ՛ ե­կե­ղե­ցին եւ թէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը վե­րա­նո­րո­գուե­ցան վեր­ջերս։ Այս առ­թիւ ա­նոնք ա­ռար­կայ դար­ձան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ջերմ գնա­հա­տան­քին ու հա­մակ­րան­քին։

Հան­դի­սու­թեան ներ­կա­նե­րու շար­քին էին ե­րես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, բազ­մա­թիւ բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Քի­լե­ճի եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Մա­թիլ­տա Ֆրա­տօղ­լուի գլխա­ւո­րած Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած էին ներ­կա­ներ, ո­րոնք տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ձեռ­նար­կին։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Սա­րին Աք­պա­շի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ար­թին Քի­լե­ճի եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ։ Ա­տե­նա­պետ Ար­թին Քի­լե­ճի իր խօս­քին մէջ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծեց Նշան Ա­թը­նը­զեա­նի եւ Գա­րուն Քը­րա­չի կող­մէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նին բե­րուած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ միւս ա­ջա­կից­նե­րուն ա­ռըն­թեր։

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն ձօ­նուած, հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւա­չա­փով նա­խա­տե­սուած հա­ւա­քոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­յա­նի տղա­քը խմբո­վին, հան­դի­սա­ւոր ձե­ւով մուտք գոր­ծե­ցին կա­յա­նի խա­ղա­վայ­րը եւ ծա­ղիկ­ներ յանձ­նե­ցին պա­տուոյ հիւ­րե­րուն։ Ա­ւե­լի վերջ, Հրանդ Չիզ­մե­ճեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ա­նոնք հան­դէս ե­կան նաեւ խմբերգ­նե­րով, ինչ որ ար­ժա­նա­ցաւ ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը այս տա­րի հո­վա­նա­ւո­րած էր կղզիի հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը՝ Մու­րատ Հա­զի­նե­տա­րին եւ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուին հա­մար պատ­րաս­տուած էին յու­շանուէր­ներ, ո­րոնք յանձ­նուե­ցան Գա­րա­կէօ­զեան Տան եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ա­տե­նա­պետ­նե­րուն եւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Մու­րատ Հա­զի­նե­տարն ալ ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը։

Հան­դի­սու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Կազ­դուր­ման կա­յա­նի եւ Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ այլ յու­շա­նուէր­ներ ալ յանձ­նուե­ցան՝  ա­ջա­կից դէմ­քե­րու։ Հա­ւա­քոյ­թը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հուսկ բան­քով եւ ա­ղօթ­քով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ կա­րե­ւո­րեց մատ­ղաշ սե­րուն­դին հա­ղորդ դառ­նա­լը մայ­րե­նի լե­զուին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015