ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ ԿԸ ԲԱՆԻ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի կազմուելուն արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Այս իրադարձութիւնը, ընդհանուր առմամբ, ողջունելի համարուած է՝ այն առումով, որ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին գործնական կարեւորագոյն քայլերէն մին կը հանդիսանայ։ Ներկայ պայմաններով նախընտրական ժամացոյցը արդէն կը բանի։

Երէկ, Պատրիարքարանի քարտուղարութենէն նամակներ ուղարկուեցան այն անուններուն, որոնք ընտրեալ կամ նշանակովի ձեւով պաշտօնի կոչուած են նախաձեռնարկ մարմնին մէջ։ Պատրիարքական Աթոռին անունով, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ ստորագրուած յատուկ նամակներով՝ նախաձեռնարկ մարմնի անդամները իրազեկ դարձած են իրենց առաքելութեան ու պաշտօնապէս հրաւիրուած են աշխատանքի։ Միեւնոյն ժամանակ յայտնի դարձած է նաեւ նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստին թուականը։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ նախաձեռնարկ մարմնի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ Երկուշաբթի, 10 Յուլիսին։ Տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ նախաձեռնարկ մարմինը այս անդրանիկ նիստին պիտի կազմէ իր դիւանը ու պիտի ձեռնարկէ աշխատանքի։

Պատրիարքարանի երէկուան զեկոյցին մէջ տեղեկացուած էր, որ յետ դիւանի կազմութեան, նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն ցուցակը պիտի ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան։

Այս առաւօտ կարճ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Պատրիարքարանի քոթայէն անդամ նշանակուած ըլլալով հանդերձ՝ մերժած էր մաս կազմել նախաձեռնարկ մարմնին։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի յայտնեց, որ որոշած է կազմին մէջ որեւէ նոր նշանակում չկատարել Պետրոս Շիրինօղլուի փոխարէն։ Արդարեւ, իր խօսքերով, նախաձեռնարկ մարմնի կազմը արդէն բազմանդամ է։

Հրաժարեալ Պետրոս Շիրինօղլուին Պատրիարքարանի քարտուղարութեան կողմէ երէկ արդէն չէ ուղարկուած նաեւ միւս անդամներուն հասցէագրուած իրազեկման հրաւէր-նամակը։

Հանրապետական շրջանի նախորդ պատրիարքական ընտրութիւններուն նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան շուրջ պետութիւնը տեղեակ պահելու առումով հիմնական երկու ձեւ որդեգրուած է։ Առաջին ճանապարհը այն եղած է, որ օրուան տեղապահը կամ փոխանորդը նա՛խ կուսակալութիւնը առանձին նամակով մը տեղեակ պահած է նախաձեռներկ մարմնի կազմուած ըլլալուն շուրջ, ապա այդ մարմինը պետութեան հետ շփման մէջ անցած է՝ իր դիւանը կազմելէ վերջ։ Երկրորդ ձեւը այն եղած է, որ նախաձեռնարկ մարմնի ստեղծուելէն վերջ կազմուած է նաեւ դիւանը եւ այդ բոլորին հիման վրայ ընդհանուր ձեւով, մէկ անգամէն պատկան իշխանութիւնները տեղեակ պահուած են՝ միշտ Իսթանպուլի կուսակալութեան հասցէագրուած նամակներու բերումով։

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ ներկայիս նախապէս առանձնապէս որոշում մը չէր առնուած այս նիւթին շուրջ։ Յամենայնդէպս, ըստ Պատրիարքարանի կողմէ երէկ թողարկուած զեկոյցին, գործնականօրէն այս անգամուան պատրիարքական ընտրութեան պարագային աւելի հաւանական ըլլալ կը թուի՝ վերոյիշեալ երկրորդ եզրը։ Թէեւ չի բացառուիր, որ այսօր կամ վաղը նախաձեռնարկ մարմնի կազմուած ըլլալուն շուրջ նամակ մը ուղարկուի կուսակալութիւն, սակայն քանի որ նորաստեղծ մարմնի անդրանիկ նիստն ալ նախատեսուած է յաջորդ Երկուշաբթի՝ աւելի գործնական ըլլալ կը թուի վերոյիշեալ երկրորդ կէտին՝ այսինքն ընդհանուր եւ համապարփակ իրազեկման ճանապարհի որդեգրումը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017