ԳԼՈՏԻԱ ԵԱՂՍԸԶՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Գնալը կղզիի մէջ գեղարուեստասէրները երէկ ողջունեցին երիտասարդ արուեստագիտուհի Գլոտիա Էտնա Եաղսըզօղլուի առաջին ցուցահանդէսը։ «Ճաշ» ճաշարանէն ներս բացուած ցուցահանդէսը խորագրուած էր «Ներաշխարհիս գոյներուն ձայնը»։ Իլլիւսթրասիոններու եւ համատեղ ծրագրաւորման գործերու ցուցահանդէս մըն էր այս մէկը, որու շրջագծով Գլոտիա Եաղսըզօղլուի կողմէ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները ուշադրութեան եւ գնահատանքի առարկայ դարձուեցան այցելու գեղարուեստասէրներուն կողմէ։ Իր առաջին ցուցահանդէսին օրը Գլոտիա Էտնա Եաղսըզօղլու շրջապատուած էր ծնողներուն՝ Երուանդ-Էլիզապէթ Եաղսըզօղլու ամոլին կողմէ։ Ձեռնարկի այցելուներու շարքին էր նաեւ արուեստագէտ Կիւրպիւզ Էքշիօղլու, որ եւս դրուատիքով արտայայտուեցաւ գործերուն շուրջ։
Գլոտիա Եաղսըզօղլու ծնած է 1999 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ Ան ներկայիս կ՚ուսանի Սէն-Պէնուա ֆրանսական լիսէին մէջ։ Փոքր տարիքէն ի վեր գեղարուեստի նկատմամբ ունեցած է հետաքրքրութիւն եւ յատկութիւն։ Զբաղած է երաժշտութեամբ ու պալէով եւ աւելի վերջ իր քայլերը ուղղած՝ դէպի նկարչութիւն։ Բազմակողմանի զբաղումներու հետամուտ Գլոտիա Եաղսըզօղլու միեւնոյն ժամանակ սկզբնական քայլեր կ՚առնէ՝ ուսուցչագործելու համար։ Ցարդ մրցանակներու ալ արժանացած է իր մասնակցած շարք մը մրցոյթներու արդիւնքին։
Մինչեւ Օգոստոսի 12-ը բաց պիտի մնայ Գլոտիա Եաղսըզօղլուի ցուցահանդէսը։ Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինքը եւ իր ծնողքը՝ նորանոր յաջողութեան մաղթանքներով։