Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՔԱՏԻՐ ԹՈՓՊԱՇԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Իս­թան­պու­լի Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պա­շին։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Թոփ­պա­շի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի փո­ղո­ցի բա­րե­զարդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին ցու­ցա­բե­րուած հո­գա­ծու­թեան եւ ան­մի­ջա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց քա­ղա­քա­պե­տին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ջերմ զրոյ­ցի ա­ւար­տին Թոփ­պա­շին յանձ­նեց նաեւ յի­շա­տակ մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015