ՈՉ ԵՒՍ Է՝ ՆԿԱՐԻՉ ՊԵՐՃ ՉԱԼԸՔՄԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի մտաւորականներէն Պերճ Չալըքման։ Վերջերս ան ենթարկուած էր սրտի գործողութեան մը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած յաղթահարել յետ վիրահատական շրջանի բարդութիւնները եւ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։

Պերճ Չալըքման յայտնի նկարիչ մըն էր։ Իր վրձինին ուրոյն հետքերը երկար տարիներ ներշնչած էին բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Այդ կալուածէն ներս կը համարուէր հեղինակութիւն մը։ Միեւնոյն ժամանակ գործունէութիւն ծաւալած էր կրթադաստիարակչական գետնի վրայ։ Միջոց մը եղած էր Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն՝ 1970-ական թուականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ 1980-ականներու սկիզբը։ Համայնքային կեանքի իրադարձութիւններուն նկատմամբ միշտ զգայնութիւն դրսեւորած անձնաւորութիւն մըն էր։ Իր կորուստով մեր հաւաքական կեանքէն հրաժեշտ կ՚առնէ եզակի դէմք մը, որու խորհրդանշած կերպարը ազդեցութիւն ունէր իր սերունդի ընդհանուր դիմագիծին վրայ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Պերճ Չալըքմանի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018