ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻ

Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան իր հետն ունենալով Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանը, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութը եւ ուխտաւորաց խումբ մը, հովուական այցելութիւն տուաւ դէպի Պուրկազ կղզի։ Խումբը դիմաւորուեցաւ պուրկազահայեր՝ Արման Սրկ. Մարաշլեանի եւ Արի Ուրարակիր Դպիր Տեմիրճեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցին, ուր ժամը 11.00-ին, ձեռամբ հայր սուրբին, մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Տէր հօր առընթեր, արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Անտոն սարկաւագին, ինչպէս նաեւ պուրկազահայեր։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Արման Սրկ. Մարաշլեան եւ Արի Ուրարակիր Դպիր Տեմիրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներ եւ ուխտաւոր դպիրներ՝ առաջնորդութեամբ Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմեճեանի։ Յընթացս Ս. Պատարագի յունարէն լեզուով Աստուածաշունչէն բաժին մը ընթերցեց Անտոն սարկաւագ, ի նշան միջեկեղեցական միասնականութեան։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Իշխանաց կղզեաց յունաց Տիմիթրիոս Մետրապոլիտին եւ Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որոնց կարգադրութեամբ հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Պուրկազ կղզիի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Վարդավառի յաջորդող օրերուն կը կատարուի սոյն ուխտագնացութիւնը, որուն ճամբով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օրհնութիւնը կը փոխանցուի Պուրկազ կղզիի մերազն ժողովուրդին։ Ապա, շարունակեց. «Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր» (Յովհաննէս 1.5) բնաբանով, յիշեցուց նպատակայարմար կեանք ունենալու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Պայծառակերպութեան դէպքը, Քրիստոսի որպէս Աստուած յայտնութեան օրն է։ Պէտք է յիշենք, թէ Աստուած կեանքի ու գոյութեան Աստուած է եւ կեանք ունեցող ամէն ինչ Աստուծոյ ստեղծագործութեան պտուղն է։ Այս բոլորին մէջ ամենաթանկագինն է մարդը, որուն տրուած է յատուկ շնորհներ։ Աստուած իր անունը յայտնեց «Է» տառով եւ այդ մէկը դարձաւ գոյութեան նշանը։ Շատ անգամներ նախադասութիւններու մէջ կը գործածենք այս տառը՝ առանց նշմարելու, թէ այդ մէկը Աստուծոյ ներկայութիւնը կը յիշեցնէ առհասարակ։ Աստուած գոյութեան սկիզբն է եւ իրմով կը սկսի գոյութիւն ունենալու ճշմարտութիւնը։ Աստուած կը ստեղծէ սուրբ, բայց խաւար աշխարհը, կարող է մաքրափայլ անձերը առաջնորդել դէպի անկում։ Հետեւաբար մեր սկիզբը յայտնի է Աստուծմով, բայց մեր ապագան գրի պիտի առնուի մեր կամքով։ Հետեւաբար Քրիստոսը ընդունինք մեր կեանքերէն ներս, Իր աստուածային զօրութեամբ քննենք մեր ներկան ու ջանանք ուղղուիլ դէպի լոյս»։

Անգամ մը եւս շնորհաւորեց ներկաները եւ մաղթեց, որպէսզի ամենափառաւոր Աստուած Իր լիառատ օրհնութիւնները փոխանցէ բոլոր հաւատացեալներուն։

Արարողութեան աւարտին, կազմուեցաւ նաեւ թափօր եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն։ Արարողութինը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Այսօր ցնծայ» Պայծառակերպութեան տաղով։

Կրօնական արարողութեան աւարտին պուրկազահայոց կողմէ պատրաստուած թէյասեղանի շուրջ համախմբուեցան բոլոր ներկաները։ Կղզեցիներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, վայելած ըլլալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ներկայութիւնը իրենց մօտ։ Հայր սուրբը այստեղ եւս անդրադարձաւ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող տօնական արարողութեան, որով թէ՛ հայ եւ թէ յոյն եկեղեցիներու անդամները համախմբուած էին Քրիստոսի Ս. Սեղանին շուրջ։ Մաղթեցին տարբեր առիթով կրկին համախմբուիլ սոյն եկեղեցւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019