ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարաւ Մայր քաղաքապետութեան դիմաց՝ Մեճիտիյէգիւղի հրապարակին վրայ Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունէն 45 տարի առաջ գրաւուած 4474 քառակուսի մեթր հողամասին գծով։ Հողամասը կը գտնուէր գերեզմանատան շրջանակին մէջ։ Դատարանը վերջապէս վճռած է ի նպաստ Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ որոշած է հողամասին դիմաց վճարել 111 միլիոն 850 հազար լիրա, ինչպէս նաեւ այդ գումարին երկու տարուան տոկոսը։
Հարցին պատմութիւնը կ՚երթայ մինչեւ 1971։ Այդ թուականին քաղաքապետութիւնը գրաւած էր նշեալ հողամասը, ուր աւելի ետք կառուցուեցան ստորգետնեայ ճամբաներ եւայլն։ Քաղաքապետութիւնը այս հողամասը գրաւելով հանդերձ, փոխարժէքը չէր վճարած։ Հոգաբարձութիւնը դատ բացած էր այս բռնագրաւման դէմ։ Դատարանը երկու տարի առաջ որոշեց, որ բռնագրաւեալ այս հողամասը պատկան մարմիններու մօտ պէտք է արձանագրուի Ս. Յակոբ հիւանդանոցի անունով։ Բայց քանի որ այնտեղ կառուցուած շինութիւններուն պատճառով կարելի պիտի չըլլար հողամասը վերադարձնել, հոգաբարձութիւնը պահանջած էր հատուցել հողամասին փոխարժէքը։ Որոշումը այժմ պիտի հասնի Վճռաբեկ ատեան եւ եթէ անկէ եւս վաւերացուի, ապա համայնքը պէտք է ստանայ այդ պատկառելի գումարը։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024