ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Գումգաբուի մէջ։ Մեր համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչները այս առթիւ հրաւիրուեցան Պատրիարքարան, ուր նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ փոխանցեց՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Նպատակն էր հանրային կարծիքը լուսաբանել ներկայ փուլին առընչութեամբ։ Հաւաքոյթի ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ եւ Պատրիարքարանի ելմտական խորհրդական Պետրոս Մարզուան։

Ասուլիսի ընթացքին տեղապահ սրբազան հայրը առաջին առթիւ տեղեկութիւններ փոխանցեց մօտաւոր ապագային նախատեսուած իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, 16-30 Հոկտեմբերին նորին սրբազնութիւնը պիտի այցելէ Գերմանիա։ Պերլինի մէջ ան պիտի ուղեկցի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ Լուտերական եկեղեցւոյ 500-ամեայ յոբելեանին մասնակցելու համար ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ։ Տեղապահ սրբազան հայրը պիտի անցնի նաեւ Քէօլն՝ քանի որ կը շարունակէ մնալ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ եւ համապատասխան գործեր ունի այնտեղ։ Մինչ այդ, տեղապահ սրբազան հայրը վերջերս մանրամասն նամակ մը ուղարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նկատառման յանձնելով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան երէկ տեղեկացուց, որ Գերմանիայէ իր վերադարձին պիտի ճշդուի նաեւ թուական մը՝ վստահութեան քուէարկութեան օրակարգով եկեղեցական համագումար մը կազմակերպելու նպատակով։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարեմուտին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ մեր Աթոռի երեք սրբազաններուն միջեւ գոյացած էր համաձայնութիւն մը, որով տեղապահի պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ եթէ վեց ամսուան ընթացքին պատրիարքական ընտրութիւն մը իրականացնել կարելի չ՚ըլլար՝ ապա տեղապահի եւ Նախաձեռնարկ մարմնին համար վստահութեան քուէարկութիւն պիտի կատարուէր։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յայտնեց, որ նախանձախնդրօրէն հաւատարիմ պիտի մնայ ցարդ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններուն։

Տեղապահ սրբազան հօր ներածական խօսքէն վերջ արտայայտուեցաւ Սեպուհ Ասլանկիլ։ Աւելի վերջ ալ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ կարգ մը առանցքային նիւթերու եւ հանդէս եկաւ ընդհանուր արժեւորումներով։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան փորձեց բացատրել, որ պատրիարքական ընտրութիւնը անպայման տեղի պիտի ունենայ։ Իր խօսքերով՝ պաշտօնական գետնի վրայ որեւէ սխալ չէ գործուած եւ պետութեան անունով մեր համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած շշուկները բոլորովին անհիմն կը համարուին։

«Պատրիարքարանի մէջ որեւէ քաոս չկայ։ Ընդհակառակն՝ այստեղ խաղաղութիւն կայ եւ յայտնի է, որ ոմանք կ՚անհանգստանան այդ խաղաղութենէն։ Ամէն մարդ հնարաւորութիւն ունի անհրաժեշտ տեղեկութիւնները քաղելու։ Մեր ժողովուրդի միտքը պղտորելու առաջադրութեամբ քայլեր կ՚առնուին կարգ մը շրջանակներու կողմէ։ Մեր համայնքը ինն տարիէ ի վեր անհանգիստ է՝ պատրիարք մը չունենալու հետեւանքով։ Տեղապահի ընտրութիւնը ես չեմ կազմակերպած։ Կաթողիկոսը ինծի խրախուսեց եւ ես թեկնածու եղայ։ Հիմա պետութեան անունով մեզի փոխանցուած իբրեւ թէ լուրերը զուրկ են ամէն տեսակ հիմքէ։ Այնպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի, որ մենք սխալ կը գործենք ու պետութեան կամքին դէմ կ՚աշխատինք։ Խաղաղութեան մթնոլորտին պէտք է նպաստեն բոլորը։ Նման պարտականութիւն մը կը վիճակի նաեւ մեր մամուլին։ Սա նաեւ մեր պարտականութիւնն է որպէս հայ։ Ժխտական մթնոլորտ մը ստեղծելով չենք կրնար որեւէ տեղ հասնիլ։ Ես այստեղ եկայ ինծի ուղարկուած հրաւէրով։ Պայքարի մարդ չեմ։ Եթէ ժողովուրդը փափաքի՝ կը շարունակեմ, այլապէս եթէ գրուածներուն նման կացութիւն մը կայ՝ ապա ես յաջորդ օրը կը մեկնիմ։ Ստեղծուած կացութիւնը ինծի ցաւ կը պատճառէ համայնքին տեսակէտէ։ Համայնքը ինն տարիէ ի վեր մաշած եւ այլասերած է։ Ես 52 տարի առաջ թողած էի Պոլիսը։ Այսօրուան կացութիւնը խեղճութիւն մըն է այդ շրջանին բաղդատմամբ։ Ձեռք ձեռքի պէտք է տանք կացութիւնը հաւասարակշռելու համար», ըսաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։

*

Ասուլիսի ընթացքին ըսուածները առարկայական ձեւով փոխանցելէ վերջ, մեր կողմէ նշենք հետեւեալը։ Համայնքային շրջանակները այս շրջանին ունին լսումներ, զանազան տուեալներ, ըստ որոնց պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը մատնուած է փակուղիի։ Լուրջ հիմքեր կան՝ համոզուելու համար, թէ տեսանելի ապագային կարելի պիտի չըլլայ ընտրել նոր պատրիարք մը։ Բոլորին միակ մաղթանքը այն է, որ այդ յոռետես տուեալները չարդարանան եւ սխալած համարուին անոնց հիմքով առաջնորդուողները։ 12 Սեպտեմբերին Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ փոթորկալից ժողով մը՝ յառաջատար ազգայիններու մասնակցութեամբ։ Այդ ժողովին ընթացքին մեր ազգայինները տեղապահ սրբազան հօր, Նախաձեռնարկ մարմնի ներկայացուցիչներուն նկատառման յանձնեցին կարգ մը իրողութիւններ։ Ատեն-ատեն ծագեցան սուր բանավէճեր, որոնց միջոցաւ ցարդ գործուած սխալները բիւրեղացան։ Մինչեւ այսօր ապրուածներուն վերաբերեալ տեղապահ սրբազան հօր ունեցած համոզումներն ու դիտարկումներն ալ մեր ազգայիններուն կողմէ շատ կիրթ ու նրբանկատ, որդիական ոճով մը ձեւով մը սրբագրուեցան։ Եկուր տես, որ երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այնպիսի ոճով մը խօսեցաւ, որ կարծես այդ բոլորը բնաւ տեղի չէին ունեցած։ Առկայ փակուղիին պատճառները չհասկնալ ձեւացնելով կարելի չէ մեր ժողովուրդը համոզել, որ պատրիարքական ընտրութիւնը անպայման տեղի պիտի ունենայ։ Մեր համայնքը այսօր կը տառապի անորոշութեան ճիրաններուն մէջ եւ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ փակուղին ակնյայտօրէն խորացած է վերջին ամիսներու անհեռատես կարգադրութիւններուն հետեւանքով։ Պատրիարքարանի այդ պատասխանատուութենէն չի կրնար ձերբազատուիլ՝ մեր կարգ մը ազդու ազգայինները, մասնաւորապէս Պետրոս Շիրինօղլուն յաչս համայնքին թիրախ դարձնելով կամ առկայ ծանր հետեւանքները վերագրելով անոր գործունէութեան։ Կարճ խօսքով, երէկուան մամլոյ ասուլիսը համոզիչ կամ յուսադրիչ տուեալներու հանրութեան մատուցման կամ Պատրիարքարանի անկոտրուն կամքը ցոլացնելու առիթ հանդիսանալէ հեռու էր։ Երէկուան ասուլիսով յայտնի դարձած է միակ բան մը. այդ ալ դժբախտաբար յուսահատութիւնն է։

«ԵՍ ՄԵԿՆԱԿԷՏ ՈՒՆԷԻ ԱՅՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ, ԹԷ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԿՇԻՌ ՄԸ ՈՒՆԻ»

Պատրիարքարանի երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քննադատական շեշտով արտայայտուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հասցէին։ «Ես մեկնակէտ ունէի այն համոզումը, թէ Պետրոս Շիրինօղլու ունի կշիռ մը, սակայն որքան որ ալ մեծ հաստատութեան մը գլուխը գտնուի՝ ան ալ ի վերջոյ լոկ անհատ մըն է», ըսաւ ան։

Ուշագրաւ էր, որ տեղապահ սրբազան հայրը վերջին օրերուն մամուլի մէջ առանց անուն տալու ակնարկած էր Պետրոս Շիրինօղլուին, իսկ երէկուան ասուլիսին ընթացքին արդէն բացաւ փակագիծերը եւ ուղղակի անուն տալով արտայայտուեցաւ։ Նորին սրբազնութիւնը գանգատեցաւ, որ հակառակ իր բոլոր խնդրանքներուն Պետրոս Շիրինօղլու իրեն համար ժամադրութիւն չէր առած պաշտօնական մարմիններէն։ Այս դժգոհութեան լոյսին տակ ան մեկնաբանեց նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ համայնքին փոխանցուած պետական շրջանակներու տրամադրութիւններն ու մօտեցումները։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ըսաւ. «Պետրոս Շիրինօղլու կրնայ ըսել ինչ որ ուզէ։ Ես ընտրուած անձ մըն եմ եւ պատասխանատու եմ այն ժողովին առջեւ, զոր զիս ընտրած է։ Անհրաժեշտութեան պարագային դարձեալ ժողով կը գումարուի եւ այդ նոյն կազմը կ՚առնէ որոշում մը։ Մենք չենք կրնար շշուկներով առաջնորդուիլ։ Պետրոս Շիրինօղլուի մեկնաբանութիւնները կը վերաբերին իրեն։ Որքան որ ալ մեր մեծ հաստատութիւններէն մէկուն գլուխը գտնուի՝ ան ի վերջոյ լոկ անհատ մըն է։ Ան ինծի առիթով մը յայտնած էր, որ պետութիւնը հետս խնդիր մը չունի, նոյնիսկ կրնամ որպէս տեղապահ մնալ, սակայն ընտրութիւն տեղի պիտի չունենայ։ Ես մեկնակէտ ունեցայ այն համոզումը, թէ Շիրինօղլու ունի ծանրութիւն մը եւ ըստ այդմ առաջնորդուեցայ։ Պետութիւնը միջնորդներու միջոցաւ չի փոխանցեր իր փափաքը։ Մենք վաւերական ու հաւաստի կը համարենք միայն գրաւոր տուեալները եւ արժէք չենք վերագրեր բանաւոր ձեւով փոխանցուած պատգամներուն։ Պետութիւնը պատճառ մը չունի մեր համայնքէն երկիւղելու համար։ Ցայսօր չեմ փափաքած շրջանցել Պետրոս Շիրինօղլուն, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային Նախաձեռնարկ մարմնէն մէկ-երկու հոգիի հետ միասին կրնամ ես ալ ուղղակի ժամադրութիւն պահանջել»։

Տեղապահ սրբազան հօր մօտեցումը այն էր, որ ինք ցայսօր կրնար Պետրոս Շիրինօղլուն շրջանցելով ժամադրութիւն պահանջել պետական մարմիններէն։ Նոյն կէտին վրայ Սեպուհ Ասլանկիլ աւելցուց բացատրութիւն մը, որ նոյնպէս ունէր իր տրամաբանութիւնը, սակայն ամբողջութեամբ զուգահեռ չէր տեղապահ սրբազան հօր տեսակէտին։ Այսպէս, ըստ Ասլանկիլի, Նախաձեռնարկ մարմինը ցայսօր տեղապահին խորհուրդ չէ տուած՝ որպէսզի ժամադրութեան մը համար դիմում կատարէ։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմինը Պատրիարքարանէն պետութեան ուղարկուած դիմումնագրերու վերջնաժամկէտներէն առաջ յաչս պետութեան նման ժամադրութիւններու պահանջը նպատակայարմար չէ գտած։

Յամենայնդէպս, փաստը եղաւ այն, որ երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլուի բացակայութեամբ երկար խօսուեցաւ իր հասցէին։ Աւելի նպատակայարմար կրնար ըլլալ, եթէ մամլոյ ասուլիսին հրաւիրուած ըլլար նաեւ Շիրինօղլու։ Իր ներկայութեամբ հնարաւոր կ՚ըլլար շատ աւելի բաց եւ հասկնալի խօսակցութիւն մը ծաւալել եւ մամլոյ ասուլիսն ալ զերծ կրնար պահուիլ՝ երրորդ անձերու բացակայութեամբ ծաւալուած խօսակցութիւններու մթնոլորտէն։

Երէկուան ասուլիսին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլուի մասին եղած խօսակցութիւններուն առընչութեամբ այս առաւօտ շօշափեցինք իր տեսակէտը։ Մեր յարակից սիւնակներուն մէջ կարելի է տեսնել իր արտայայտութիւնները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017