Սեպուհ Ասլանկիլ. «Պետութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու»

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ Պատրիարքարանի մէջ երէկ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր առընթեր փոխանցեց զանազան բացատրութիւններ եւ հանդէս եկաւ մեկնաբանութիւններով։ Ան գործընթացը ամփոփեց ընդհանուր առանցքներու շուրջ եւ ընդգծեց, որ 9 Օգոստոս 2017 թուականին պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ դիմումը յանձնուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Վարչական կարգադրութիւններու համար նման դիմումներէ վերջ ընթացակարգով սահմանուած է  60 օրուան ժամկէտ մը։ Իր խօսքերով՝ սա դասական իմաստով վարչական գործ մը չէ։ Հետեւաբար, 9 Հոկտեմբեր 2017 թուականը վերջնաժամկէտ մը չի համարուիր։

Որպէս իրաւաբան՝ Սեպուհ Ասլանկիլ համոզուած է, թէ պատրիարքական ընտրութիւնը առաջին հերթին կրօնական գործ մըն է, ուստի, ըստ Սահմանադրութեան պետութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու, սակայն դիւանակալական մարմինները այլ վարուելակերպ ունին եւ կը միջամտեն։

«Մենք կանոնագրութիւն մը պահանջած ենք պետութենէն։ Թէեւ մեր ձեռքը ունինք աւելի առաջ երեք անգամ գործադրուած կանոնագրութիւն մը։ Հաշուի առնելով պետութեան շարունակականութիւնը՝ կրնայինք այդ նոյն կանոնագրութեան հիման վրայ ընտրութեան ձեռնարկել։ (Ծ.Խ.- Յիշեցնենք, որ այդ կանոնագրութիւններուն իւրաքանչիւրը թէեւ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը ունեցած են, սակայն իւրաքանչիւրը նախատեսուած է մէկ անգամուան գործադրութեան համար։) Յամենայնդէպս դարձեալ պահանջեցինք կանոնագրութիւն մը։ Որոշ յապաղումներ կրնան ըլլալ։ Նախորդ պատրիարքական ընտրութիւններուն ալ երբեք 60 օրուան ընթացքին պետութենէն պատասխան չէ եկած։ Ուստի, մենք կրնանք սպասել 120 օր։ Այդ ժամկէտը պիտի ըլլայ մեր համբերութեան սահմանը։ Երբ որ այդ պահը հասնի՝ ապա նոր որոշում մը կրնանք առնել։

«Մի մոռնաք, որ նախորդ նախաձեռնարկ մարմինը դիմումնագրին անպատասխան թողուիլը ընկալած էր որպէս մերժում եւ այդ հիման վրայ բացուած էին երկու դատեր։ Առաջին դատը բացուած էր պատասխան չտրուած ըլլալուն պատճառով, իսկ երկրորդ դատը բացուած էր՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի նշանակման բերումով։ Այս երկու դատերն ալ անհատներու կողմէ բացուած են յանուն այդ նախաձեռնարկ մարմնի կազմին։ Հիմա անոնցմէ մին Վճռաբեկ ատեանի մօտ է, իսկ միւսը՝ Սահմանադրական ատեանի մօտ։ Մենք վերահասու դարձած ենք, որ Սահմանադրական ատեանը արդէն իր վճռին հիմնաւորումը շարադրելու փուլին հասած է։ Մենք այդ տեղէն կրնանք նպաստաւոր արդիւնք մը ունենալ։ Եթէ մեր փափաքներէն դուրս ընթացք մը ըլլայ, ապա Նախաձեռնարկ մարմինն ու ամբողջ համայնքը հակազդելով կրնան ապահովել, որ փոփոխութեան ենթարկուին ժխտական տնօրինութիւնները», ըսաւ Սեպուհ Ասլանկիլ՝ մամլոյ սպասաւորներուն լուսաբանութիւններ փոխանցելով։ 

Նկատի ունենալով, որ տեղապահ սրբազան հայրը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յղում կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ապահովուած համաձայնութեան ու մանաւանդ այդ ամբողջին մէջ նախատեսուած վստահութեան քուէարկութեան՝ Սեպուհ Ասլանկիլն ալ հանդէս եկաւ այս նիւթին վերաբերեալ իր մեկնաբանութեամբ։ Իր խօսքերով՝ Վեհափառ Հայրապետին հետ ապահովուած համաձայնութիւնը անշուշտ կարեւոր է, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ինքնավար է։ Ան կրկնեց, որ պատրիարքական ընտրութիւնը կրօնական գործընթաց մըն է, ուստի անհրաժեշտ պէտք չէ ըլլայ որեւէ թոյլտուութիւն կամ իրազեկում։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017